Պելճիքայի Հայերը ԵՄ-էն Պահանջած Են Դիւանագիտական, Տնտեսական եւ Անհատական Պատժամիջոցներ Կիրառել Ազրպէյճանի Իշխանութիւններու Հաշիւներուն Հանդէպ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Պրիւքսէլի մէջ, այսօր, Պելճիքայի հայերու կոմիտէին (CAB)-ի նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ Պելճիքահայ Դեմոկրատներու Միութեան (A.A.D.B-ի), Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբին (EAFJD), Հայ Դատի Պելճիքայի յանձնախումբին (CDCA Belgique) աջակցութեամբ՝ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ ցոյց՝ ընդդէմ ազրպէյճանի՝ արցախահայութեան հանդէպ իրականացուող ցեղական զտման քաղաքականութեան։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ 168.am-էն։

Ցոյցին նպատակն էր պահանջել Եւրոմիութեան գործադիր մարմիններէն՝ ճնշում գործադրել ազրպէյճանի վրայ՝ անմիջապէս դադրեցնելու դէպի Արցախ ճանապարհի արգելափակումը եւ վերջ տալու այս կործանարար քաղաքականութեան։



Ցուցարարները Եւրոպական միութենէն պահանջած են բոլոր միջոցներով ճնշում գործադրել ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի վերջինս անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու բանայ Լաչինի միջանցքը եւ երաշխաւորէ, որ նման իրավիճակ այլեւս չի կրկնուիր, շօշափելի քայլեր ձեռնարկել արցախահայութեան անվտանգութիւնը ապահովելու համար, ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը, հիմնել մարդկայնական գրասենեակ Արցախի մէջ, կիրառել դիւանագիտական, տնտեսական եւ անհատական պատժամիջոցներ ազրպէյճանի իշխանութիւններու հաշիւներուն հանդէպ, անյապաղ երկարաձգել Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան իրաւագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: