Կոչ Կ՝ընենք Սթափուելու եւ Անմիջապէս Պայքարի Լծուելու. Զոհուած Զինծառայողներու Ծնողներ
Անտարբերութիւնը քանդած է ու կը քանդէ մեր տունը, շատերուն կը թուի, թէ Երեւանի մէջ աւելի պաշտպանուած են, քան Արցախի կամ Սիւնիքի։ Այս մասին նշուած է զոհուած զինծառայողներու ծնողներուն կողմէ հիմնուած «Որդիների Կանչ» հասարակական-հայրենասիրական կազմակերպութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:
«Մէկ շաբաթէն աւելի է, որ Արցախը շրջափակուած է։ Բերձորի կեանքի ճանապարհը փակուած է կեղծ օրակարգով՝ կեղծ բնապահպաններու կողմէ։ Անոնց իրական նպատակները հասկնալը մեծ ջանքեր չի պահանջեր՝ հայաթափել Արցախը եւ անցնիլ Հայաստանին։
Արցախի հողին վրայ մարտնչած եւ այդ հողին համար կեանք տուած ՀԵՐՈՍՆԵՐու բազմաթիւ ծնողներով՝ մեծ ոգեւորութիւն կ՝ապրինք, երբ կը տեսնենք Արցախի մեր եղբայրներու եւ քոյրերու միասնականութիւնը եւ մինչեւ վերջ պայքարելու կամքը։
Միեւնոյն ժամանակ, ի՞նչ կը տեսնենք Հայաստանի մէջ եւ, մասնաւորապէս, Երեւանի մէջ. ապազգային ու թրքասէր իշխանութիւններու լռութիւն, յաճախ նաեւ՝ չարախնդում։ Նման անպատուաբեր դիրքորոշումը մեզի ամենեւին ալ չի զարմացներ, երկիրը դաւաճանական պարտութեան տարածներէն այլ վարք մենք չէինք ալ սպասեր։
Իսկ ի՞նչ դիրքորոշում կը դրսեւորէ մեր ժողովուրդը, երբ տասնեակ հազարաւոր հայ մանուկներ ամէն վայրկեան կրնան դառնալ թրքական հերթական հակամարդկային ոճիրի զոհը։
Անտարբերութիւնը քանդած է ու կը քանդէ մեր տունը։ Շատեր կը կարծեն, որ յանձնելով Արցախը կամ Սիւնիքը կրնան փրկել իրենց անպատիւ կեանքերը։
Եթէ ստահակներու իշխանութեան, անոնց աջակիցներուն եւ անտարբերներուն վարքագիծը զարմանալի չէ՝ ուստի տարակուսանք կ՝առաջացնէ մեր այն հարիւր֊հազարաւոր հայրենակիցներուն դիրքորոշումը, որոնք ունին ազգային արժեհամակարգ եւ բազմիցս ցուցադրած են, որ համաձայն չեն այս իշխանութիւններու ապազգային եւ դաւաճանական օրակարգերուն հետ։
Ընկճուածութեան եւ հաւատքի կորուստի հիմքին վրայ թրքասէր իշխանութիւնը կը տօնէ հերթական յաղթանակը մեզի հանդէպ՝ բաժնելով հասարակութիւնը շերտերու։ Չկայ կազմակերպուածութիւն, չկան առաջնորդող ուժեր։ Նման պահուածքը բացարձակապէս ընդունելի չէ։
Կոչ կ՝ընենք սթափուելու եւ անմիջապէս լծուելու պայքարի։ Օրակարգը նոյնն է՝ յաղթանակ ներքին եւ արտաքին թուրքերուն հանդէպ։
Մեր կողմէն մէկ անգամ եւս աջակցութիւն կը յայտնենք Արցախի մեր հայրենակիցներուն՝ մինչեւ վերջ ձեր կողքին ենք, մեզի կը պարտադրէ նաեւ մեր որդիներուն արեան կանչը։
Մեր պայքարը արդար է ու յաղթականը մերը պիտի ըլլայ»։
