Արցախի Հանրապետութեան 22 մ․ Դրօշակը՝ ՄԱԿ-ի Հայաստանեան Գրասենեակի Ցանկապատին Վրայ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեանը, որ Լաչինի միջանցքի փակ ըլլալուն պատճառով չի կրնար վերադառնալ տուն եւ այժմ, Երեւանի մէջ նստացոյց սկսած է ՄԱԿ-ի երեւանեան գրասենեակին առջեւ, իր Facebook-ի էջին վրայ տեղադրած է լուսանկար, որուն մէջ Արցախի դրօշն է՝ գրասենեակի ցանկապատին վրայ։

«Արցախի Հանրապետութեան 22 մեթր դրօշակը՝ ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի ցանկապատին: Մէկ օր ԱՀ դրօշակը պիտի ծածանուի նաեւ ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանին մէջ՝ իբրեւ կառոյցի լիիրաւ անդամ»,- գրած է Արտակ Բեգլարեան: