Արցախի Կեանքի Ճանապարհը Ապաշրջափակելու Պահանջով Արտիստներու Կողմէ Երեւանի Մէջ Երթ Կը Կազմակերպուի Դէպի ՄԱԿ-ի Գրասենեակ

Աշխարհ, Հայաստան

Երեւանի մէջ արտիստներու կողմէ վաղը, Դեկտեմբեր 20-ին, երթ պիտի իրականացուի դէպի ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակ` պահանջելով ապաշրջափակել Արցախի կեանքի ճանապարհը։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին մէջոցով հաղորդագրութիւն տարածած է արցախցի երգիչ եւ երաժշտական փրոտիւսըր Արտեմ Վալտերը։

«Վաղը մենք կ՝իրականացնենք երթ դէպի ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակ` պահանջելով ապաշրջափակել Արցախի կեանքի ճանապարհը։

Արդէն ութ օր է, որ Ազրպէյճանը փակած է Արցախը Հայաստանին եւ աշխարհին կապող միակ ճանապարհը: Արցախի 120 հազարանոց բնակչութիւնը ՝ ներառեալ 30 հազար փոքրիկ, կը գտնուի շրջափակման մէջ։

Դադրեցուած է սննդամթերքի, դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու մատակարարումը։

Ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող հիւանդները չեն կրնար տեղափոխել Հայաստան՝ վիրահատութիւններու համար։

Ազրպէյճանի յանցաւոր գործողութիւններուն պատճառով՝ Արցախը յայտնուած է մարդկայնական աղէտի սեմին։

Երթը պիտի սկսի վաղը, Դեկտեմբեր 20-ին, ժամը 19:30-ին, Օփերայի բակէն։ Պիտի շարժինք դէպի Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատուն, այնուհետեւ Ֆրանսայի դեսպանատուն եւ պիտի աւարտենք զայն ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին դիմաց:

Սոյն երթը կապուած չէ ոեւէ քաղաքական գործիչի հետ։ Անիկա չի կրեր քաղաքական բնոյթ, կը կազմակերպուի հայ արտիստներու եւ ոչ անտարբեր մարդկոց կողմէ։

Մենք կ՝ուզենք աշխարհին ցոյց տալ, որ մեզի համար կարեւոր է Արցախի ճակատագիրը, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը պատրաստ է մինչեւ վերջ պայքարելու անոր համար, ցոյց տալու, որ մենք շատ ենք եւ անդրդուելի:

Մենք նաեւ կ՝ուզենք մեր զօրակցութիւնը յայտնել Արցախի մեր հայրենակիցներուն, ցոյց տալ, որ մենք իրենց հետ ենք եւ կը հասկնանք, թէ որքան դժուար է հիմա իրենց համար։

Կը խնդրենք եկէք, բերէք Ձեր ընտանիքներն ու ընկերները: «Կեանքի ճանապարհը» բանալու մեր պահանջը պէտք է լսելի ըլլայ»,- նշուած է երգիչին տարածած հաղորդագրութեան մէջ։