Թիֆլիսի Մէջ Բողոքի Ցոյց՝ Իբրեւ Աջակցութիւն Արցախի

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Դեկտեմբեր 16-ին Թիֆլիսի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց իրականացաւ բողոքի ցոյց՝ իբրեւ աջակցութիւն Արցախի եւ Արցախահայութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։

Ցոյցին ընթացքին՝ «Րաֆֆի» ուսանողական միութեան անդամները կարդացին Վրաստանի Հայ Համայնքին յայտարարութիւնը` հայերէն, վրացերէն եւ անգլերէն լեզուներով։

Այնուհետեւ, «Վրաստանի Հայ Համայնք» ՀԿ-ի նախագահ` Արթուր Միրզոյեան ՄԱԿ-ի գրասենեակին փոխանցեց նամակ եւ նուիրեց Արցախի դրօշով ծածկուած պատմական գիրքեր եւ «Տատիկ Պապիկ» խորհրդանիշը։

Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է․

Երբ ամբողջ աշխարհի հայեացքը ուղղուած է դէպի ֆութպոլի առաջնութիւնը, երբ ամբողջ աշխարհը ամանորեայ նախապատրաստական խառնաշփոթի մէջ է, այդ ժամանակ շուրջ 120,000 անմեղ ժողովուրդ 5 օր ըլլալով կը գտնուի շրջափակման մեջ Ազրպէյճանի կողմէ, քանի որ միակ Արցախի ժողովուրդը Հայաստանի հետ կապող ճանապարհը` Բերձորի (Լաչին) միջանցքը, այսպէս կոչուած բնապահպանները փակած են։ Բացի այդ, շատ մարդիկ մնացած են Արցախի սահմանին եւ չեն կրնար վերադառնալ իրենց տուները։ Պարզ է, որ առանց Ալիեւի արտօնութեան նոյնիսկ թռչուն չի թռչիր Ազրպէյճանի մէջ։ Հասկնալի է բոլորիս համար, որ բնապահպան կոչուածները կը կատարեն Ալիեւի հրամանը, որուն թեւեր կու տայ Թուրքիան։ Կ՝ուզենք նշել, որ անոնց լոզունգները, պահուածքը, շարժումները, բացայայտ կը ցուցադրեն Գորշ Գայլերու խմբաւորման առկայութիւնը այնտեղ, որ իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչցուած է շարք մը յառաջատար երկիրներու մէջ։ Ազրպէյճանը այդ ստոր միջոցով կը փորձէ ճնշում գործադրել Արցախի բնակչութեան վրայ եւ արցախահայութիւնը կ՝ենթարկուի հոգեբանական ահաբեկչութեան։ Ատիկա չէ յաջողած անոնց հետ 30 տարի առաջ եւ վստահ ենք պիտի չի յաջողի նաեւ այսօր, քանի որ արցախահայութիւնը անցած է աւելի դժուար օրերու մէջէ եւ չէ կոտրուած։ Դժբախտաբար պէտք է նշել, որ Ալիեւի վարչաձեւը կը շարունակէ մնալ անպատիժ։

Կը հաւատանք, որ քարիւղի առկայութիւնը չի կրնար գերակշռել մարդոց իրենց հողին վրայ խաղաղ ապրելու իրաւունքը։

Տասնեակ տարիներ շարունակ ալիեւներու բռնապետական վարչաձեւը յաջողութեամբ դաստիարակած է սերունդներ՝ ատելութեամբ լեցուած հայերուն հանդէպ, որուն վառ օրինակն է ահաբեկիչ Ռամիլ Սաֆարովը հերոսացնելը, նաեւ 2020թ. 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ եւ յետոյ ազրպէյճանցիներու ոչ մարդկային պահուածքը գերիներուն հանդէպ։ Ալիեւի սպառնալիքը անհերքելի փաստ է, որ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, հակառակ պարագային կը կրկնուի ցեղասպանութիւն։

Կոչ կ՝ընենք Վրաստանի կառավարութեան՝ օգտուելով Ազրպէյճանի վարչապետին պաշտօնական այցէն, համարձակութիւն ունենալու, ճշգրիտ գնահատելու իրականութիւնը եւ դատապարտելու ստոր եւ անմարդկային քայլը 120,000 անմեղ բնակչութեան դէմ։

Կը դիմենք նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ հինգ պետութիւններուն՝ ձեռնարկելու քայլեր առաջքը առնելու հայերու նոր ցեղասպանութեան։