Եւրոպացի Դիտորդները Անսպասելիորեն Յայտնուած են Լաչինի Միջանցքին Վրայ

Աշխարհ, Հայաստան

Դեկտեմբեր 19-ին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ իրենց առաքելութիւնը աւարտող եւրոպացի դիտորդները անսպասելիօրէն յայտնուած են Լաչինի միջանցքին մաս կազմող Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին վրայ։ Այս մասին կը հաղորդէ Factor.am-ը։

Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 12-ի առաւօտեան Շուշի-Քարին տակ խաչմերուկի հատուածին վրայ, քաղաքացիական հագուստով խումբ մը ազրպէյճանցիներ բնապահպանական պատճառաբանութեամբ փակած են Արցախը Հայաստանին կապող Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին։

Տեսանիւթը՝Telegram-ի ալիքով։