Չենք Կրնար Արտօնել Ազրպէյճանին Շարունակելու Բռնութեան ու Սպառնալիքի Քաղաքականութիւնը․ ԵԽ Պատգամաւորները Դիմած են Միշէլին ու Պորելին

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոխորհրդարանի խումբ մը պատգամաւորներ նամակ յղած են Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլին եւ ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով Բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէբ Պորելին` կոչ ընելով յստակ քայլեր ձեռնարկելու՝ ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի հայ բանկչութեան անվտանգութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Նամակով՝ պատգամաւորներ Փիթըր վան Տալէնը, Ֆրանսուա-Խաւիէր Պելամին, Լարս Փաթրիք Պըրկը, Ֆրանսուա Ալֆոնսին, Ֆապիօ Մասսիմօ Գասդալտոն եւ Անտրէյ Գովաչեւը նշած են, որ ազրպէյճանցիները 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-ի առաւօտէն կրկին փակած են Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լեռնային Ղարաբաղին կապող միակ ճանապարհը՝ այդպիսով 120,000 հայ ենթարկելով տէ ֆաքթօ շրջափակման ու խափանելով անոնց ազատ տեղաշարժի իրաւունքը։

«Ասիկա նաեւ կ՝ենթադրէ, որ շտապօգնութիւնն ու պարենային մատակարարումները եւս չեն կրնար հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղ։

Եթէ այս իրադրութիւնը շարունակուի՝ պիտի յանգեցնէ մարդկայնական անխուսափելի աղէտի՝ սարսափելի հետեւանքներով։ Անընդունելի է, որ բնապահպանական գործողութիւններու քողին տակ, ազրպէյճանական կողմը կ՝ոտնահարէ 2020 Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի մասին եռակողմ յայտարարութիւնը, մասնաւորապէս ատով ստանձնած իր պարտաւորութիւնը՝ Լաչինի միջանցք անունով յայտնի ճանապարհով ապահովելու քաղաքացիներու, մեքենաներու եւ բեռնատարներու տեղաշարժը՝ երկու ուղղութիւններով»,- նշած են ԵԽ պատգամաւորները։

Անոնք ընդգծած են, որ 2020 թուականի յայտարարութեան ստորագրումէն ետք՝ ազրպէյճանական կողմը տարատեսակ միջոցներով դժուարին պայմաններ կը ստեղծէ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան համար՝  չխորշելով կիրառելու ռազմական սադրանքներ, հոգեբանական սպառնալիքներ, խաթարելով կազամատակարարումը ցրտաշունչ ձմրան պայմաններուն։

Դիմելով Շառլ Միշէլին ու Ժոզէբ Պորելին՝ պատգամաւորները նշած են․ «Մենք կոչ կ՝ընենք Եւրոմիութեան անունով օգտագործելու ձեր լիազօրութիւնները՝ ձեռնարկելու յստակ քայլեր ու ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը։ Մենք չենք կրնար արտօնել, որ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող սպառնալիքի ու բռնութեան այս քաղաքականութիւնը շարունակուի»։