Ձեռնարկեցէք Բոլոր Միջոցները Արցախի Մէջ Մարդկայնական Ճգնաժամը Դադրեցնելու Համար․ ԱՀ ու ՀՀ ՄԻՊ-երուն Կոչը

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի եւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն համատեղ արտահերթ հրապարակային զեկոյցը.

Հրապարակելով «Արցախը Հայաստանի ու աշխարհի հետ կապող միակ ճանապարհի փակման մարդկայնական հետեւանքներուն մասին» Հայաստանի եւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու արտահերթ համատեղ այս զեկոյցը՝ կը միանամ իմ գործընկերոջ ու բարեկամ Գեղամ Ստեփանեանի կոչին։

Զեկոյցին մէջ ներկայացուած են փաստեր, որոնք կը հաստատեն ազրպէյճանցի «բնապահպաններ»-ու շարժման շինծու բնոյթը, «ակտիվիստներ»-ու ուղիղ կապերը ազրպէյճանական կառավարութեան ու յատուկ ծառայութիւններու հետ։

Փաստեր ներկայացուած են անձերու իրաւունքներու շարունակական խախտումներուն վերաբերեալ։

Մեր կոչն կ՝ուղղենք կառավարութիւններուն, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան իրաւագիր ունեցող միջազգային ու տարածաշրջանային կազմակերպութիւններուն ու հակամարտութեան հանգուցալուծման ներգրաւուած այլ դերակատարներուն՝ ձեռնարկելու բոլոր հնարաւոր միջոցները Արցախի մէջ օրէ օր խորացող մարդկայնական ճգնաժամը դադրեցնելու համար։

Զեկոյցը պատրաստուած է անգլերէնով, հիմնուած է Դեկտեմբեր 12-14 ինկած օրերու իրադարձութիւններուն վերլուծութեան վրայ։ Հայաստանի Մարդու իրաւունքններու պաշտպանի հաստատութիւնը կը շարունակէ 24-ժամեայ կապի մէջ գտնուիլ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաստատութեան, Արցախի մէջ գործող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու եւ այլ դերակատարներու հետ՝ իրավիճակի արձանագրման, փաստերու հաւաքագրման ու հաստատման համար։

Զեկոյցը կ՝ուղարկուի միջազգային ու տարածաշրջանային կազմակերպութիւններուն ու հակամարտութեան հանգուցալուծման ներգրաւուած այլ դերակատարներուն՝ խոստանալով շարունակաբար տեղեկատւութիւն ու փաստեր փոխանցել Արցախի մէջ ազրպէյճանական հայատեացութեան քաղաքականութեան այս աղաղակող ակտերուն հետեւանքով մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումներուն եւ մարդկայնական ճգնաժամին վերաբերեալ։