ՀՅԴ Հայ Դատի Աշխարհասփիւռ Համակարգի Աշխատանքները Ամբողջութեամբ Կեդրոնացած են Արցախի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակին Վրայ
Դեկտեմբեր 12-էն, ՀՅԴ Հայ Դատի աշխարհասփիւռ համակարգի աշխատանքները ամբողջութեամբ կեդրոնացած են Արցախի մէջ ստեղծուած՝ մարդկայնական ճգնաժամին եւ ազրպէյճանի ցեղասպան էութեան միջազգային հանրահռչակման ու Արցախի համար միջազգային զօրակցութեան ապահովման վրայ։ Այդ նպատակով Դեկտեմբեր 13-ին Երեւանի մէջ, Արցախի մշտական ներկայացուցչութեան մօտ տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի ներկայացուցիչներու աշխատանքային հանդիպումը։ Վերջին երեք օրերու աշխատանքները արդէն տուած են որոշ արդիւնք, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։
Հայ Դատի Արցախի գրասենեակ
ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակը անցնող օրերուն ընթացքին Հայ Դատի համաշխարհային ցանցին պարբերաբար փոխանցած է Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ թարմ տեղեկատւութիւն, որ էական նշանակութիւն ունեցած է ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու յարաբերական աշխատանքին՝ միջազգային գործընկերներուն թարմ, հաւաստի եւ փաստագրուած տեղեկատւութեան ներկայացման առումով։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Նոյեմբերի վերջը եւ Դեկտեմբերի սկիզբը Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը աշխատանքներ իրականացուցած է Հայաստանին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութեան ծաւալի մեծացման եւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի թեկնածու Քրիստինա Քուէինէն Քոնկրեսի մէջ շարք մը կարեւոր հարցերու պատասխաններ ստանալու ուղղութեամբ, որոնք էական նշանակութիւն ունին Ամերիկայի մէջ հայկական շահերու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն։ Մասնաւորապէս, դեսպանի թեկնածութեան շուրջ քոնկրեսական լսումներուն ժամանակ՝ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտեսը եւ Մերիլէնտը ներկայացնող ծերակուտական Քրիս Վան Հոլենը բարձրացուցած են ազրպէյճանը պատերազմական յանցագործութիւններու եւ Հայաստանի նկատմամբ յարձակումներուն համար պատասխանատւութեան ենթարկելու հարցը։
Դեկտեմբեր 12-ին, Լաչինի միջանցքին փակումէն ետք, յանձնախումբը մեծ ծաւալի աշխատանքներ իրականացուցած է ԱՄՆ Քոնկրեսէն ներս՝ ազրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշում ապահովելու, պաքուն ամերիկեան ռազմական օժանդակութենէ զրկելու եւ ճանապարհի վերագործարկումը ապահովելու, առհասարակ խնդիրը ամերիկեան հասարակական-քաղաքական ուշադրութեան կեդրոնին պահելու ուղղութիւններով։ Արդէն Դեկտեմբեր 13-ին կատարուածը խստօրէն դատապարտեց Քոնկրեսի հայկական հարցերով խումբը, իսկ Դեկտեմբեր 14-ին, Հարաւային Կովկասի մէջ ԱՄՆ քաղաքականութեան վերաբերող քոնկրեսական լսումներուն ժամանակ, քննարկուեցան ազրպէյճանական յարձակումները, եւ բազմաթիւ քոնկրեսականներու կողմէ դատապարտուեցան։ Քննարկման ներկայ էր նաեւ պետական բաժանմունքի ներկայացուցիչը։ Քոնկրեսականները խստօրէն յորդորած են ԱՄՆ գործադիր իշխանութեան ազրպէյճանը սանձելու համար ձեռնարկել որոշակի եւ հետեւանքներ ունեցող գործողութիւններ։
Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը, վերջին օրերուն ստեղծուած իրավիճակին հետ կապուած, կը շարունակէ աշխատանքները՝ ապահովելով նաեւ ամերիկահայ համայնքի հնարաւորութիւններուն զօրաշարժը։
Եւրոպա
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը, Նոյեմբեր 28-29, Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս ապահոված է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանի հանդիպումները Հայաստանի եւ Արցախի հետ ԵԽ բարեկամութեան խումբերու անդամներ Ֆրանսուա Ալֆոնսիի, Գոսդաս Մաւրիդեսի, Գլարա Պոնսատիի Եէուզաս Օլեգասի հետ։ Դ․ Իշխանեան հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Պելճիքայի Թագաւորութեան Ծերակոյտին մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներ Մարք Տէմեսմէյքըրի եւ Ալեսիա Կլասի հետ։
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին կազմակերպութեամբ, 2022թ․ Դեկտեմբեր 3-4, Պրիւքսէլի մէջ իրականացած է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որուն մասնակցած են Եւրոպական Միութեան շուրջ տասը երկիրներու եւ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի ներկայացուցիչները։
Խորհրդաժողովին ընթացքին՝ քննարկման առարկայ դարձած են ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու մէջ գործող յանձնախումբերու քաղաքական առաջնահերթութիւններն ու գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները։
Արցախի հանդէպ ազրպէյճանական հերթական յարձակումէն ետք՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը աշխատանքները կը ծաւալէ մասնաւորապէս երկու՝ համաեւրոպական եւ ԵՄ անդամ պետութիւններու հարթակներուն վրայ։ Համապատասխան աշխատանքներ կը տարուին Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն, առաջին հերթին Հայաստանի եւ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբերու ղեկավարներուն եւ անդամներուն հետ:
Դեկտեմբեր 13-ին, ազրպէյճանական անմարդկայնութիւնը դատապարտող յայտարարութեամբ հանդէս եկան Արցախի հետ ԵԽ բարեկամութեան խումբի համանախագահներ Փեդըր Վան Տալէնը, Ֆրանսուա Ալֆոնսին եւ Սիլուիէ Կիյոմը՝ ամբողջապէս ներկայացնելով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու մարդկայնական աղէտին վտանգը։ Նշենք նաեւ, որ ճանապարհի փակման առիթով մտահոգութիւն յայտնած էր նաեւ արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան մամուլի խօսնակ Փեդըր Սդանոն՝ ազրպէյճանին կոչ ընելով ապահովելու Լաչինի միջանցքին երկկողմանի անցանելութիւնը։
Գանատա
ՀՅԴ Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբը, իր հերթին, նոյնպէս բաւական աշխատանքներ իրականացուցած է հակազդելու համար Արցախի հանդէպ ազրպէյճանական անմարդկայնութեան եւ ապահովելու համար գանատական կողմին համարժէք արձագանգը կատարուածին։ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբը աշխատանքներ իրականցուցած է իշխանութեան ինչպէս օրէնսդիր, այնպէս ալ գործադիր ճիւղերուն հետ։ Արդէն, Դեկտեմբեր 14-ին, ճանապարհի փակումը դատապարտեց եւ անոր անցօղունակութեան վերականգնում պահանջեց Գանատայի արտաքին գործերու նախարարութիւնը։
Յունաստան
ՀՅԴ Հայ Դատի Յունաստանի յանձնախումբի աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ Նոյեմբերի երկրորդ կիսուն ձախողուած է Գորնթոսի եւ Շուշիի միջեւ համագործակցութեան յուշագիր ստորագրելու ազրպէյճանական ցանկութիւնը, որուն մասին աւելի կանուխ Հարաւային Քորէայի մէջ ընթացող հնամեայ քաղաքներու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովին ընթացքին համաձայնութիւն եղած էր Գորնթոսի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչին եւ ազրպէյճանական պատուիրակութեան անդամներուն միջեւ։
Մեծ Բրիտանիա
Ազրպէյճանցիներուն կողմէ Լաչինի միջանցքին փակման թեման Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբը քննարման նիւթ դարձուցած է անգլիական քաղաքական շրջանակներու մէջ։ Խնդիրին անդրադարձած են եւ Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութենէն իրավիճակի յաղթահարման ուղղուած գործողութիւններ պահանջած են պարոնուհի Քերոլայն Քօքսը եւ Հայաստանի հետ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Թիմ Լոթնը։
Աւելի առաջ, Դեկտեմբերի սկիզբը, Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբը հանդիպումներ ունեցած էր Լէյպոլիստական կուսակցութեան պատգամաւորներ Ճէսիքա Մորտենի, Ալեքս Սոպելի, Ֆերեալ Քլարգի, Ռուբա Հուքի եւ Սթեֆան Տոթի հետ։ Քննարկուած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, պատգամաւորներու գրասենեակներուն մէջ վարժողական ծրագիրներ իրականացնելու, Արցախին ու Հայաստանին օժանդակութեան եւ Արցախի ցեղական զտումը կանխելու եւ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը ապահեւելուն ուղղուած հարցեր։
Աւստրալիա
Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը, Նոյեմբերի վերջը եւ Դեկտեմբերի սկիզբը, կեդրոնացած եղած է Հայ Դատի աշխատանքներու ապահովման համար հանգանակութիւններու կազմակերպման աշխատանքներուն վրայ, որուն իբրեւ արդիւնք՝ Մելպուրնի մէջ հաւաքուած է շուրջ 400,000 աւստ․տոլար, իսկ յանձնախումբի հիմնական կալա ընթրիքին ժամանակ՝ 190․000 աւստ․ տոլար։
Հայ Դատի յանձնախումբը, Լաչինի ճանապարհին փակումէն ետք, դիմած է երկրի արտաքին գործերու նախարարին՝ համապատասխան պետական կեցուածք յայտնելու պահանջով։ Հայ Դատի յանձնախումբը Աւստրալիոյ կողմէ ազրպէյճանի վրայ ճնշումներ գործադրելու նպատակով սերտօրէն կը համագործակցի Աւստրալիոյ մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներուն հետ։
Ուրուկուէյ
ՀՅԴ Հայ Դատի Ուրուկուէյի յանձնախումբի անդամները, Դեկտեմբեր 1-ին, հանդիպում ունեցած են Ուրուկուէյի նախագահ Լուիս Լակաժէ Փոուի հետ։ Հանդիպման մասնակցած է նաեւ երկրի առողջապահութեան նախարար Խոսէ Լուիս Սաթճեանը։
Հանդիպման ընթացքին Ուրուկուէյի նախագահին ներկայացուած է վերջերս ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժման հետեւանքները, ինչպէս նաեւ 2020թ․ Հայաստանի ու Արցախի հանդէպ իրականացուած ազրպէյճանա-թրքական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած մարդկայնական իրավիճակը։
Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները կը շարունակեն ամբողջ աշխարհի մէջ իրականացնել հայութեան շահերու պաշտպանութեան աշխատանքներ՝ օգտագործելով լոպպիստական գործունէութեան համալիր գործիքակազմեր։ Արցախի հանդէպ ազրպէյճանա-թրքական յարձակումը դատապարտելու, Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման նպաստելու, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափը վերականգնելու, գերիներու վերադարձի, արտասահմանեան լրատուամիջոցներըուն ճշգրիտ տեղեկատւութեամբ ապահովելուն ուղղութեամբ կը կատարուին մեծ ծաւալի աշխատանքներ։ Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի Ղարաբաղեան հմնախնդրի շուրջ տարբեր երկիրներու մէջ ներքաղաքական քննարկումներ, խորհրդարանական լսումներ իրականացնելուն վրայ, որոնք յաճախ կը վերաճին յստակ բանաձեւերու ընդունման։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
