ԼՂ Ժողովուրդին Դէմ Ձմեռը Իբրեւ Զէնք Օգտագործելը Ալիեւի Կողմէ Բացայայտ Մենատիրական Սենար է. ԱՄՆ Ծերակոյտի Յանձնաժողով
Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ ձմեռը իբրեւ զէնք օգտագործելը Ալիեւի կողմէ բացայայտ մենատիրական սենար է։ Այս մասին նշուած է ԱՄՆ Ծերակոյտի Միջազգային յարաբերութիւններու յանձնաժողովի Twitter-ի էջով տարածուած յայտարարութեան մէջ:
«Ամբողջ աշխարհի ժողովրդավար երկիրները պէտք է անյապաղ դատապարտեն կազամատակարարման հարկադիր դադրեցումը եւ Ալիեւի ու անոր վստահուած անձերուն կողմէ իրականացուող շրջափակումը։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղաշարժի ազատութիւնը պէտք է վերականգնուի»,- նշուած է յանձնաժողովի յայտարարութեան մէջ:
Aliyev’s weaponization of winter against the people of #NagornoKarիabakh is straight out of the authoritarian playbook. Democracies worldwide must swiftly condemn the coercive gas cuts & blockade by Aliyev & his proxies. Freedom of movement in #NagornoKarabakh must be restored. https://t.co/EYnTWyuKwz
— Senate Foreign Relations Committee (@SFRCdems) December 14, 2022
