Ազրպէյճանը Պէտք է Դադրեցնէ Լաչինի Միջանցքին Արգելափակումը, Որ Լեռնային Ղարաբաղը Արտաքին Աշխարհին Կապող Միակ Ճանապարհն է

Աշխարհ, Հայաստան

Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Twitter-ի իր էջով անդրադարձած է Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման ու Լեռնային Ղարաբաղ կազի մատակարարման դադրեցման:

Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Մենք կոչ կ՝ընենք միջազգային հանրութեան վերահաստատելու իր աջակցութիւնը առանց հարկադրանքի բանակցութիւններուն: Ազրպէյճանը պէտք է դադրեցնէ Լաչինի միջանցքին արգելափակումը, որ Լեռնային Ղարաբաղը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհն է»:

Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը անհանգստացած է այն տեղեկութենէն, ըստ որուն Ազրպէյճանը կրկին խաթարած է կազամատակարարումը դէպի Լեռնային Ղարաբաղ: Freedom House-ը կոչ կ՝ընէ Ազրպէյճանի կառավարութեան վերականգնելու կազի անխափան մատակարարումը տարածաշրջանի բնակիչներուն։

«Ի վերջոյ, մենք կը յորդորենք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի երկիրներն ու 2020 թ. Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան կողմերը անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը՝ ներառեալ տեղաշարժի ազատութիւնը, ապահովելու համար»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: