ՔՊ-ն Մերժած է Ընդդիմութեան Նախագիծը` Յայտարարութեան Մէջ Արցախը Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Բացառելուն Պառճառով
ՔՊ-ն մերժած է Արցախի հարցով խորհրդարանական ընդդիմութեան` «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքներուն յայտարարութեան նախագիծին քննարկումը ԱԺ արտահերթ նիստին:
Յիշեցնենք, որ նախագիծի նիւթին մէջ, ի շարս այլոց, գրուած էր. «Այս եւ նմանօրինակ այլ ռազմատենչ ու ակնյայտ ցեղասպան նկրտումներ ունեցող գործողութիւնները հերթական անգամ կ՝ապացուցեն, որ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, արցախահայութեան կեանքի իրաւունքի ապահովման միակ հնարաւոր գրաւականը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին իրացումն է»:
Իշխանական խմբակցութիւնը, հաւատարիմ ըլլալով հակաարցախեան իրենց քաղաքականութեան, մերժած է նախագիծը նիւթին մէջ եղած այս իսկ տողերուն պատճառով:
