Յստակ Գործողութիւններ Ընել Արցախի Ժողովուրդին Անվտանգութիւնը, Իրաւունքները Պաշտպանելու Համար. Բեգլարեանը՝ ՄԱԿ-ին
Արցախի շրջափակումն ու կազամատակարարման դադրեցումը ազրպէյճանական ցեղասպանական քաղաքականութեան շատ յստակ դրսեւորում է, որ միջազգային իրաւունքով ունի իր գնահատականը։ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեանը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի, մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի պարտաւորութիւնը կը համարէ այս ամէնուն շատ արագ արձագանգելը: Ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի՝ ՄԱԿ-ի երեւանեան գրասենեակին դիմաց նստացոյց իրականացնող Արտակ Բեգլարեանը այս մասին ըսաւ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ:
«ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին առջեւ նստացոյց սկսած եմ՝ տարբեր պահանջներով ու կոչերով, բայց գլխաւոր պահանջը ուղղուած է միջազգային հանրութեան, առաջին հերթին ՄԱԿ-ին, որ իրենք յստակ գործողութիւններ ընեն Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնն ու իրաւունքները պաշտպանելու համար, մանաւանդ՝ այս պահուն ազրպէյճանական շրջափակումը վերացնելու, բայց նաեւ աւելի երկարաժամկէտ միջազգային երաշխիքներ ապահովելու ուղղութեամբ»,-ըսաւ Բեգլարեանը:
Ան նշեց, որ ՄԱԿ-ը միակ կազմակերպութիւն է, որ հնարաւորութիւն, մեքենականութիւններ ունի՝ յստակ իրաւագիր տալու յստակ երկիրներու՝ խաղաղապահ գործունէութիւն իրականացնելու, նաեւ լիազօրութիւն եւ պարտաւորութիւն ունի՝ պաշտպանելու տարբեր ժողովուրդներու անվտանգութիւնն ու իրաւունքները, եթէ անոնք կը խախտուին:
Բեգլարեանը նշեց, որ 2020-ի պատերազմը դադրեցուած է Ռուսիոյ միջամտութեամբ: «Այս երկու տարուան ընթացքին ռուս խաղաղապահները՝ լաւ, թէ վատ, ապահոված են խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնը: Ի հարկէ, այս ընթացքին միջադէպեր տեղի ունեցած են: Եւ հիմա ունինք այն իրավիճակը, որ նոյնիսկ ռուս խաղաղապահները ի վիճակի չեն շրջափակումը վերացնելու եւ անվտանգութիւնը ամբողջական ապահովելու: Հետեւաբար, կը կարծեմ, որ ՄԱԿ-ը՝ ի դէմս ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին, պէտք է այս հարցը քննարկէ եւ լրջագոյն միջազգային երաշխիքներ ապահովէ մեր ժողովուրդին համար, որպէսզի մենք մեր հայրենիքին մէջ կարենանք անվտանգ ապրիլ, արարել»,- ըսաւ Բեգլարեանը:
Ան ընդգծեց, որ այս շրջափակումն ու կազամատակարարման դադրեցումը ազրպէյճանական ցեղասպանական քաղաքականութեան շատ յստակ դրսեւորում է, որ միջազգային իրաւունքով ունի իր գնահատականը: «Ասիկա ամբողջ ժողովուրդի հանդէպ ահաբեկչութիւն է, ոչ միայն հոգեբանական ահաբեկչութիւն, այլ նաեւ կենսական կարիքներու շահերու տեսանկիւնէն ահաբեկչութիւն, որ կը տանի Արցախի հայ բնակչութեան ոչնչացման ու ցեղական զտման: Հետեւաբար, ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի, մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին պարտաւորութիւնն է շատ արագ արձագանգել, այլապէս կրնայ ուշ ըլլալ, եւ իրենք իրենց պարտաւորութիւնները կատարած չեն ըլլար, եւ այլապէս Արցախի բնակչութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ իր ունեցած ամբողջ գործիքակազմը կիրառելու՝ իր իրաւունքները ամբողջապէս պաշտպանելու նպատակով»,- ըսաւ Բեգլարեանը:
Ան կարեւոր համարեց, որ հայաստանեան հասարակութեան մէջ առաւել աշխուժութիւն ըլլայ այս հարցով, յստակ բողոքի ցոյցեր ըլլան առնուազն ՄԱԿ-ի ԱԽ 5 մշտական անդամ երկրներուն՝ ԱՄՆ-ի, ՌԴ-ի, Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Չինաստանի դեսպանատուներուն առջեւ, որ հասկնան՝ հայաստանեան հասարակութիւնը չի համակերպուիր այս իրավիճակին հետ, հայաստանեան հասարակութիւնը ունի յստակ իրաւունքներ եւ պահանջատէր է, որ միջազգային հանրութիւնը պաշտպանէ իր հայրենակիցները: Իսկ սփյուռքէ Բեգլարեանը կ՝ակնկալէ աւելի մեծ զօրաշարժ:
Բեգլարեան նաեւ նշեց, որ իր անհնազանդութեան, բողոքի ցոյցերը իր աշխատանքին, լիազօրութիւններուն հետ որեւէ կապ չունին, ինքը արձակուրդի դիմում գրած է, արձակուրդի մէջ կը գտնուի, պատրաստ է նաեւ աշխատանքէն դուրս գալու, քանի որ ատիկա իրեն համար սկզբունքային, ազգային, պետական եւ անձնական խնդիր է: Ան կը կարծէ, որ հիմա այսպէս կրնայ պայքարիլ ժողովուրդին համար:
