Հայկական ԶԼՄ-ները Հնարաւորութիւն Չունին Լուսաբանելու եւ Տեղի Կ՝ունենայ Ազրպէյճանական Միակողմանի Լուսաբանում․ «Թաթոյեան» Հիմնադրամ

Աշխարհ, Հայաստան

Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամին ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները դէպքի վայրէն կ՝իրականացնեն լիարժէք նկարահանումներ, ներառեալ` ուղիղ հեռարձակման միջոցով: Այս մասին ըսուած է Հիմնադրամին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Հայկական ԶԼՄ-ները լուսաբանման որեւէ հնարաւորութիւն չունին, անոնց չի թուլատրուիր նոյնիսկ մօտենալ դէպքի վայրին:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը տարածեն բացայայտ սադրիչ տեսանիւթեր, կը հրահրեն թշնամանք, կը տարածեն կեղծ տեղեկութիւններ:

Կը հրաւիրենք միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը այս փաստին վրայ եւ վստահ կը պնդենք, որ ասիկա ազրպէյճանական իշխանութիւններուն նախապէս ծրագրած քայլերէն է, որմով նպատակ ունին տեղեկատուական դաշտը լեցնելու միայն իրենց անհրաժեշտ, միակողմանի տեղեկատւութեամբ։

Ոեւէ մէկուն համար գաղտնիք չէ, որ ազրպէյճանական ԶԼՄ-ները հրահանգ կը ստանան ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ եւ կը հանդիսանան անոնց անուղղակի խօսափողը։ Իսկ տեղւոյն վրայ գտնուող լրատուամիջոցները կը ֆինանսաւորուին Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ:

Միանշանակ է, որ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը փակելը, կազամատակարարումը դադրեցնելը Արցախը հայաթափելու, 120,000 մարդ մեկուսացման մէջ ձգելու ազրպէյճանական յանցաւոր քաղաքականութեան շարունակութիւնն է։