Հայաստան–Արցախ Միջանցքը Փակելու Հարցով Թուրքիան Կ՝աջակցի Ազրպէյճանին. չաւուշօղլու

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ ԱԳ նախարար մեւլութ չաւուշօղլուն անդրադարձած է Հայաստան–Արցախ միջանցքը փակած ազրպէյճանի քայլերին։

Վկայակոչելով թրքական Haberturk–ի փոխանցած տեղեկութիւնները՝ «ԵՐԿԻՐ»-ը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ ԱԳ նախարար մեւլութ չաւուշօղլուն անդրադարձած է «Լաչինի միջանցք»-ը ազրպէյճանցիներուն կողմէ փակելու թեմային։ Ան յայտարարած է, թէ Ղարաբաղի մէջ հայերը ազրպէյճանին պատկանող հողերուն վրայ հանքեր կը շահագործեն եւ թոյլ չեն տար ազրպէյճանցի մասնագէտներուն մօտենալու ստուգումներու։ «Աիկաա կը նշանակէ, որ ազրպէյճանի բնական հարստութիւնը կը գողնան»,- պնդած է չաւուշօղլուն՝ նշելով, որ ազրպէյճանցիները իրաւուք ունին իրենց իրաւունքները պաշտպանելու եւ այդ հարցով թուրքիան կ՝աջակցի ազրպէյճանին։