Ի Հեճուկս թրքահաճոյ քպ-ականներուն Արցախը Այս Փորձութիւնը եւս Պիտի Յաղթահարէ, Համոզուած Եղէք. Սենոր Հասրաթեան

Հայաստան

Մեր համազգային դժբախտութիւններուն պատճառը անոնք են, որոնք չունենալով պետականութեան տարրական զգացողութիւն, զոմպիացած զանգուածները խաբելով, գրաւած են պետութեան ղեկը եւ բազմաթիւ ու անշրջելի հայրենաքանդ սխալներ կատարելէ ետք, տակաւին կը շարունակեն, նոյն այդ զանգուածներուն յանցաւոր հանդուրժողականութեամբ, երկիրը տանիլ վերջնական կործանման: Այս մասին իր Facebook-ի էջին վրայ գրած է ՊԲ նախկին խօսնակ Սենոր Հասրաթեան:

«Անասելի արագութեամբ գահավիժող մեր երկրի փրկութեան միջոցը մէկն է՝ իշխանութիւնը վերադարձնել անոնց, որոնք ունին պետականութեան զգացողութիւն եւ ընդունակ են կատարելու այն, ինչը անընդունելի է մեր թշնամիներուն համար…

Ինչ կը վերաբերի շրջափակուած Արցախին, ուստի, ի հեճուկս թրքահաճոյ քպ-ականներուն եւ ամանորեայ տօնածառի լոյսերէն կուրցած անհայրենիք զոմպիներուն, ԱՆ այս փորձութիւնը եւս պիտի յաղթահարէ, համոզուած եղէք…»,- գրած է ան: