Գարեգին Բ․ Դիմած է Միջազգային ու Միջեկեղեցական Կազմակերպութիւններուն՝ Հակազդելու Ազրպէյճանի Անմարդկային Գործողութիւններուն

Աշխարհ, Հայաստան

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը տարածած է յայտարարութիւն՝ խստօրէն դատապարտելով Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող սադրանքը: Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Խստօրէն կը դատապարտենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող սադրանքը՝ բնապահպանական կեղծ պատճառաբանութիւններով Արցախը Հայաստանի հետ կապող ճանապարհի արգելափակումը, ինչի հետեւանքով վտանգուած են արցախցիներուն կենսական իրաւունքները՝ կանգնեցնելով արցախահայութիւնը մարդկայնական աղէտի առջեւ։

Նմանօրինակ սադրիչ գործողութիւնները ուղղուած են ցեղական զտումներու իրականացման, որոնք հերթական անգամ ի ցոյց կը դնեն Ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը: Ստեղծուած կացութիւնը անվիճարկելի կը դարձնէ այն իրողութիւնը, որ արցախահայութեան անվտանգ կեանքը հնարաւոր չէ Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ արդէն իսկ դիմումներ յղուած են Քոյր Եկեղեցիներու պետերուն, միջազգային ու միջեկեղեցական կազմակերպութիւններուն՝ Ազրպէյճանի այս անմարդկային գործողութիւններուն հակազդելու եւ արցախահայութեան մարդկայնական աղէտալի իրավիճակը յաղթահարելու համար:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի սպասումն է, որ միջազգային հանրութիւնը համարժէք գնահատականներ պիտի տայ մարդու իրաւունքներու հիմնարար չափանիշները ոտնահարող Ազրպէյճանի սադրանքներուն, որոնք մեծապէս կը վտանգեն տարածաշրջանի փխրուն խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը:

Կը յորդորենք նաեւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ Շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն, մարդասիրական իր կոչման հաւատարիմ, շօշափելի եւ առարկայական քայլեր ձեռնարկելու ազրպէյճանական հրահրիչ գործողութիւնները բացառելու համար:

Կ՝աղօթենք, որ Աստուած Իր աջի հովանիին ներքոյ խաղաղ ու անվտանգ պահէ Արցախ աշխարհը, միասնական ու համախումբ՝ մեր ժողովուրդը»: