Արցախի Ժողովուրդի Կեանքի Իրաւունքի Երաշխաւորման Համար ՄԱԿ-ը Պէտք է Միջազգային Գործիքակազմ Կիրառէ. Արցախի ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան ազրպէյճանի վերջին սադրիչ գործողութիւններուն, Արցախը շրջափակելուն առնչութեամբ միջազգային հանրութենէն, յատկապէս ՄԱԿ-էն կ՝ակնկալէ յստակ գործողութիւններ:

«ԵՐԿԻՐ»-ի տեղեկութիւններով՝ Գեղամ Ստեփանեան յայտնած է, որ իրենց հաւաքագրած տեղեկութեանց համաձայն՝ 1100 մարդ կայ, որ կամ Արցախէն չի կրնար վերադառնալ Հայաստան, կամ Հայաստան մնացած է եւ չի կրնար հասնիլ Արցախ, որոնց 270-ը երեխաներ են: Անոնց մէկ մասը այս պահուն կը գտնուի Գորիս, մէկ մասը՝ Երեւան: Արցախի մէջ դադրեցուած են որոշ դպրոցներու, մանկապարտէզներու, պետական եւ կենսական նշանակութիւն ունեցող հիմնարկներու աշխատանքները: Հիւանդանոցներուն մէկ մասը կը ջեռուցուի կազով: Հայաստանի եւ Արցախի ՄԻՊ-երը շուտով պիտի ներկայացնեն համատեղ զեկոյց, ուր պիտի ներկայացնեն ազրպէյճանցիներուն կողմէ Լաչինի միջանցքը փակելուն հետեւանքները:

Անդրադառնալով ՄԱԿ-ին՝ ան ըսած է. «Երրորդ օրն է, եւ միջազգային կազմակերպութիւնը, որ մարդու իրաւունքներու, աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար ստեղծուած է, որեւէ արձագանգ, որեւէ գնահատականի չէ արժանացուցած»:

Արցախի ՄԻՊ-ը Երեւանի մէջ իրականացուած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաշխարհային համագումարի ծիրէն ներս՝ ՄԱԿ-ի պաշտօնեաներուն անձնական զրոյցներով տեղեկացուցած է, թէ ինչ վիճակի մէջ է Արցախը: Եւ այս ամէնէն ետք՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջնային կազմակերպութենէն՝ ՄԱԿ-էն, որեւէ արձագանգ չստանալը, ցաւալի կը համարէ: Ստեփանեանը յոյս յայտնած է, որ յառաջիկային այդ սխալը պիտի ուղղեն:

«Ի հարկէ կոչերը եւս կարեւոր են ու զսպող նշանակութիւն ունին, բայց այս անգամ արդէն յստակ գործողութիւններ պէտք է կիրառուին: Կայ կարծիք, պնդում, որ ի վերջոյ Արցախի ժողովուրդի կեանքի իրաւունքի երաշխաւորման համար ՄԱԿ-ը պէտք է միջազգային գործիքակազմ կիրառէ՝ ըլլայ ատիկա խաղաղապահներուն միջազգային իրաւագիր տրամադրելով, ըլլայ Ստեփանակերտի մէջ ՄԱԿ-ի տարբեր գործակալութիւններու բացումով: Ի վերջոյ, երկրագունդի վրայ կայ հատուած մը, որ կը կոչուի Լեռնային Ղարաբաղ, ուր կ՝ապրին մարդիկ, եւ այդ մարդիկ ունին իրաւունքներ, ու միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է ապահովել այդ իրաւունքներուն իրացումը»,- ըսած է Արցախի ՄԻՊ-ը:

Ըստ անոր՝  ստեղծուած իրավիճակի պատասխանատուները եռակողմ  յայտարարութեան կողմերն են, որոնք երաշխիք հանդիսացած են, որ մարդիկ վերադառնան ու ապրին Արցախի մէջ: Բայց պատասխանատւութիւնը ձգել միայն եռակողմ յայտարարութիւնը ստորագրածներուն վրայ, ճիշդ չի համարեր, քանի որ միջազգային իրաւունքի մէջ կայ պաշտպանելու պատասխանատւութեան սկզբունքը, որ կ՝ենթադրէ, որ, եթէ ժողովուրդը կը գտնուի ցեղասպանութեան վտանգի, ցեղական զտման վտանգի ներքոյ, միջազգային հանրութիւնը ունի պարտաւորութիւն ու պատասխանատւութիւն՝ ցուցաբերելու իր միջամտութիւնը: Իսկ միջազգային հանրութեան մաս են բոլորը: