ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի Հրատապ Գործողութիւններուն Ժամանակն է․ Զոհրապ Մնացականեան
Արցախը կտրուած է Հայաստանէն եւ ամբողջ աշխարհէն. Արցախէն Հայաստան տանող միակ ճանապարհը փակ է ազրպէյճանցիներուն կողմէ։ Այս մասին, Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ արտաքին գործերու նախկին նախարար Զոհրապ Մնացականեան։
«Ասիկա Արցախի բնակչութեան սպառնացող գոյացական վտանգ է իրականանութեան մէջ եւ որ կը վերածուի ցեղասպանական միտումի նախազգուշական նշանի։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հրատապ գործողութիւններուն ժամանակն է։
«Զաւեշտը այն է, որ ազրպէյճանցի «activist»-ները կը փակեն դէպի Արցախ տանող ճանապարհը։ Հիմա անոնք ունին activist-ներ, որոնք իրենց բռնապետին կողմէ բանտարկուած չե՞ն։ Ինչ կ՝ըսէք Պաքուի ճանապարհներու փակման մասին։ Ի հարկէ, ասոնք Ազրպէյճանի կառավարութեան գործակալներ են եւ ծպտուած սադրիչներ»,- ընդգծած է ՀՀ ԱԳ նախկին նախարարը։
