Կոչ Կ՝ընենք Միջազգային Հանրութեան՝ Դատապարտելու Ազրպէյճանի Սադրիչ Քայլերն ու Ռազմատենչ Վարքագիծը․ «Հայաստան» Խմբակցութիւնը ԱԺ Արտահերթ Նիստ Կը Պահանջէ

Աշխարհ, Հայաստան

Յայտարարութեան Բնաբանը

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը խստօրէն կը դատապարտէ սոյն թուականի Դեկտեմբեր 3-ին եւ Դեկտեմբեր 12-ին Ազրպէյճանի կողմէ բնապահպանական կեղծ պատրուակով Հայաստանն ու Արցախը իրար կապող Լաչինի միջանցքը փակելու սադրիչ քայլերը։

Ազրպէյճանի այս յանցաւոր գործողութիւնները կը հակասեն 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան, ըստ որուն Լաչինի միջանցքը 5 քլմ լայնութեամբ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ։

Պաշտօնական Պաքուն իր ապակառուցողական քայլերով ցոյց կու տայ, որ կը հրաժարի ստանձնած պարտաւորութիւններէն, կը խախտէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքները, կը փորձէ Արցախի մէջ ստեղծել վախի մթնոլորտ, հոգեբանական ճնշումներ կը գործադրէ արցախահայութեան դէմ՝ նպատակ ունենալով ցեղասպանութիւն իրականացնելու եւ նոր պատերազմ սանձազերծելու։

Այս եւ նմանօրինակ այլ ռազմատենչ ու ակնյայտ ցեղասպան նկրտումներ ունեցող գործողութիւնները հերթական անգամ կ՝ապացուցեն, որ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, արցախահայութեան կեանքի իրաւունքի ապահովման միակ հնարաւոր գրաւականը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին իրացումն է:

Լաչինի միջանցքը Արցախը Հայաստանին կապող կեանքի ճանապարհ է, որուն չգործելը յղի է ծանրագոյն մարդկայնական հետեւանքներով: Այս ճանապարհին պարբերական արգելափակումը մէկ անգամ եւս կ՝ընդգծէ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին առկայութեան անհրաժեշտութիւնը։

Կոչ կ՝ընենք միջազգային հանրութեան՝ դատապարտելու Ազրպէյճանի սադրիչ քայլերն ու ռազմատենչ վարքագիծը, տալու համարժէք գնահատականներ եւ ձեռնարկելու ՄԱԿ-ի կանոնադրութենէն բխող գործողութիւններ։

Զօրակցելով Արցախի մէջ առաքելութիւն իրականացնող ռուս խաղաղապահներուն՝ կոչ կ՝ընենք Ռուսիոյ Դաշնութեան, Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութենէն բխող անհրաժեշտ միջոցներ կիրառելու՝ Լաչինի միջանցքի անխափան աշխատանքը ապահովելու եւ ազրպէյճանիցներու սադրանքները կանխելու համար։

Հիմնաւորում

Յայտարարութեան ընդունման անհրաժեշտութիւնը կապուած է Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող կեանքի ճանապարհը սադրիչ գործողութիւններով պարբերաբար շրջափակելու, մարդկայնական ճգնաժամ յառաջացնելու եւ Արցախը հայաթափելու յանցաւոր վարքագիծին գնահատական տալու հրամայականով:

Հայաստանի Ազգային ժողովը պարտաւոր է արձագանգելու Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կոչին՝ հիմնուելով ՀՀ օրէնսդրութեամբ ստանձնած յանձնառութիւններուն վրայ:

Յայտարարութեամբ Ազգային ժողովը ուղերձ կը յղէ նաեւ միջազգային հանրութեան՝ նպատակ ունենալով բոլորին ուշադրութիւնը սեւեռելու արցախահայութեան գոյաբանական խնդիրներուն վրայ: