Լաչինի Միջանցքին Փակումը Կ՝իրականացուի Ազրպէյճանի Իշխանութիւններուն, Անձամբ՝ Նախագահին Ուղղորդումով. Արցախի ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

Մարդու իրաւունքներու մասին միջազգային իրաւունքը յստակ կ՝ամրագրէ, որ որեւէ վայրկեան պէտք չէ խաթարուին կենսաապահովման համար անհրաժեշտ պայմանները, այնինչ մենք կը տեսնենք, որ արդէն 24 ժամէն աւելի խաթարուած է Արցախի մէջ ապրող մարդու ամենատարրական իրաւունքը: Այս մասին, «Արմենպրես»-ի մամուլի սրահին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին ընթացքին, յայտարարեց Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը, որ Երեւան ժամանած է օրեր առաջ՝ մասնակցելու Դեկտեմբեր 12-ին մեկնարկած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 4-րդ համաշխարհային համագումարին եւ չի կրնար Արցախ վերադառնալ՝ ճանապարհի փակ ըլլալուն պատճառով:

«Պէտք է անդրադառնանք, թէ մարդկայնական ինչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ եւ ինչ հետեւանքներ արդէն իսկ կ՝ունենայ ազրպէյճանական այս յանցաւոր գործողութիւնը. Նախ եւ առաջ, արդէն 24 ժամէն աւելի դադրեցուած է սննդամթերքի, պենզինի եւ այլ վառելանիւթերու, դեղորայքի եւ անհրաժեշտ այլ պարագաներու մատակարարումը Արցախի ամբողջ տարածքին: Այս ամէնը կ՝իրականացուի Ազրպէյճանի իշխանութիւններու, անձամբ Ազրպէյճանի նախագահի ուղղորդումով եւ անոր հրահանգներով, որովհետեւ այն նիւթերը, որոնք կը շրջանառուին՝ իբր բնապահպանական հարցեր եւ այլն՝ ամբողջութեամբ կեղծ են: Կայ տեղեկատւութիւն, որ այդ ճանապարհը փակողները յատկապէս ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ ուղղորդուողներն են, ինչպէս նաեւ յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչներ»,- նշեց ՄԻՊ-ը:

Գեղամ Ստեփանեան մէկ անգամ եւս հրաւիրեց միջազգային դերակատարներու, միջազգային իրաւապաշտպան եւ միջկառավարական կազմակերպութիւններուն ուշադրութիւնը շատ կարեւոր հանգամանքի վրայ՝ փաստացի այս պահուն Արցախի մէջ 120 հազար մարդ կը գտնուի շրջափակման մէջ:

«Այստեղէն պէտք է յատուկ ընդգրկենք նաեւ այն հանգամանքը, որ Արցախը օդային հաղորդակցութիւն չունի աշխարհի որեւէ կէտի հետ»,- ընդգծեց բանախօսը:

Արցախի ՄԻՊ-ին խօսքով՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաստատութիւնը ահազանգեր կը ստանայ, որ բժշկական հաստատութիւններուն մէջ առկայ դեղորայքային պաշարները քանի մը օրուայ են, ու այսպէս շարունակուելու պարագային այս հարցով կրնան կանգնիլ շատ լուրջ խնդիրի առջեւ: Նոյնը կը վերաբերի սննդամթերքի ու վառելանիւթերու մատակարարումներուն: