Լաչինի Միջանցքին Արգելափակումը ԼՂ Հայութեան Հանդէպ Ազրպէյճանի Ցեղասպան Քաղաքականութեան Գործնական Արտայայտութիւնն է»․ ՀՀ ԱԳՆ Յայտարարութիւնը
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Լաչինի միջանցքին մէջ ազրպէյճանական վերջին սադրանքին վերաբերեալ, որուն պատճառով մէկ օրէն աւելի է՝ փակ է Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող միակ ճանապարհը։
«2022 Դեկտեմբեր 12-ի առաւօտեան, Ազրպէյճանական Հանրապետութեան խումբ մը, ներկայանալով իբրեւ բնապահպանական activist-ներ, Շուշիի մօտակայքը վրաններ տեղադրած են` արգելափակելով բնականոն եւ անարգել տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի, ազրպէյճանական հանրապետութեան նախագահի, Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի կապը ապահովելու նպատակով:
Լաչինի միջանցքը փակելու քարոզչական նախապատրաստութիւնները մեկնարկած էին դեռ ամիսներ առաջ եւ ակնյայտ է, որ տուեալ սադրանքը կազմակերպուած է Ազրպէյճանի պետական մարմիններուն կողմէ, նպատակ հետապնդելով Լեռնային Ղարաբաղը կտրելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ այսպիսով՝ արտաքին աշխարհի հետ կապէն:
Այս գործողութեան հետեւանքով ԼՂ բնակիչները զրկուած են ազատ տեղաշարժի իրաւունքէն, Լեռնային Ղարաբաղը կանգնած է պարենային եւ մարդկայնական ճգնաժամի վերահաս վտանգի առջեւ:
Ստեղծուած իրավիճակը ուղիղ հակադրութեան մէջ է 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտին հետ, համաձայն որուն՝
ա) Լաչինի միջանցքը կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբին վերահսկողութեան ներքոյ,
բ) ազրպէյճանական հանրապետութիւնը կ՝երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը:
Այսպիսով, Ազրպէյճանը կոպտօրէն կը խախտէ իր կողմէ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնը: Ազրպէյճանի այս վարքագիծը ոչ միայն ակներեեւ կը դարձնէ անոր կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան խնդիրը հասցէագրելու եւ այդ նպատակով Ստեփանակերտի հետ երկխօսելու մտադրութեան բացակայութիւնը, այլեւ հերթական անգամ կը վկայէ պաշտօնական Պաքուի՝ Լեռնային Ղարաբաղը ցեղական զտումներու ենթարկելու քաղաքականութեան շարունակականութեան մասին:
Լաչինի միջանցքի արգելափակումը գործնական արտայայտումն է բազմաթիւ ահազանգերու, որ ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան նկատմամբ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւն որդեգրած է: Ազրպէյճանական ԶՈւ կողմէ ԼՂ սահմանագիծին վրայ հրադադարի պարբերական խախտումներն ու սադրանքները ԼՂ հայութեան գոյաբանական վտանգը աւելի առարկայական կը դարձնեն:
Կ՝ընդգծենք, որ միջազգային պարտաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնով ստանձնած յանձնառութիւններու անշեղօրէն կատարումը, ուժի կիրառումէն կամ ուժի կիրառման սպառնալիքէն հրաժարումը, հրադադարի խստօրէն պահպանումը, Լաչինի միջանցքին մէջ՝ ռուս խաղաղապահներու հսկողութեան ներքոյ տեղաշարժի անխափան իրականացումը առանցքային են ԼՂ հիմնախնդրի քաղաքական հանգուցալուծման, տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման, ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան համար:
Ողջ միջազգային հանրութեան, ինչպէս նաեւ` ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդին, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող եւ անդամ երկիրներու հրատապ ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք, որ Ազրպէյճանի գործողութիւնները կրնան յանգեցնել լայնածաւալ մարդկայնական աղէտի: Կ՝ընդգծենք Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման միջազգային մեքենականութիւններու գործարկման կամ վերագործարկման անհրաժեշտութիւնը եւ այս նպատակով յառաջիկային խորհրդակցութիւններ կը սկսինք միջազգային գործընկերներու հետ»:
