Իսլ. Խորհրդարանին Մէջ Թեհրանի եւ Հիւսիսային Իրանահայութեան Պատգամաւոր Ա. Շահվերդեանի Կոպիտ Արձագանգը՝ Լաչինի Միջանցքին Մէջ Ազրպէյճանական Վերջին Սադրանքին
Իսլ. խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեան Twitter-ի իր էջին վրայ գրառում կատարած է, անդրադառնալով Պաքուի կառավարութեան կողմէ Լաչինի անցակէտի արգելափակման: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԼԻՔ»-ը։
«Պաքուի կառավարութեան կողմէ Լաչինի անցակէտի արգելափակումը ղարաբաղեան հրադադարի բացայայտ խախտում է:
Այս անցակէտի արգելափակման ու գրաւման մտքերը սին պատրանքներ են եւ վտանգաւոր, որոնք միայն կրկին կը բորբոքեն Կովկասի մարած կրակը»:
Յիշեցնենք, որ Լաչինի միջանցքին մէջ ազրպէյճանական վերջին սադրանքին պատճառով արդէն շուրջ մէկ օր է՝ փակ է Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող միակ ճանապարհը։
