Արցախի ԱԳ Նախարարը Նամակ Ուղարկած է ԵԽ Գլխաւոր Քարտուղարին՝ Ազրպէյճանի Կողմէ Ճանապարհի Փակման Վերաբերեալ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ ղեկավարը նամակ ուղարկած է Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Պէյչինովիչին՝ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող ճանապարհի փակման վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ ԱԳՆ-էն:

Նամակին մէջ կը նշուի, որ Ազրպէյճանը ոտնահարած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող մօտ 120,000 անձերու հիմնարար իրաւունքները, որոնց մէջ են երեխաներ, ծերեր, հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր եւ կանայք:

Կ՝ընդգծուի, որ Ազրպէյճանը չի յարգեր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագրի դրոյթները, որ կ՝երաշխաւորէ բոլորին, ներառեալ՝ հակամարտութեան գօտիի մէջ բնակող անձերու ապրելու, ազատ տեղաշարժելու եւ անվտանգութեան իրաւունքի պաշտպանութիւնը։
Այդ ծիրէն ներս կոչ ըրած է․

– կիրառելու Եւրոպայի խորհուրդի ամբողջ գործիքակազմը` վերացնելու Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անօրինական եւ անմարդկային շրջափակումը,

– Եւրոպայի խորհուրդի դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու տուեալ տարածք՝ կանխելու Պայմանագրի յետագայ խախտումները,

– կասեցնելու կազմակերպութեան մէջ Ազրպէյճանի ներկայացուցչութեան իրաւունքները՝ Ազրպէյճանի կողմէ Եւրոպայի խորհուրդի Կանոնադրութեան 3-րդ յօդուածին խախտման պատճառով:

Գրութեան պատճէնները ի գիտութիւն ուղարկուած են նաեւ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահին, Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարին եւ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի գլխաւոր քարտուղարին։