Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Կազամատակարարումը Դադրեցնելը, «Լաչինի Միջանցք»-ը Փակելը Պետական Մակարդակով Ահաբեկչական Արարքներ են Արցախի Ողջ Բնակչութեան Հանդէպ. Արման Թաթոյեան
Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան կազամատակարարումը դադրեցնելը, «Լաչինի միջանցք»-ը փակելը պետական մակարդակով ահաբեկչական արարքներ են Արցախի ողջ բնակչութեան հանդէպ:
Կազէն, ջեռուցումէն ու տաք ջուրէն մտադրուած զրկած են 120,000-է աւելի խաղաղ բնակիչներ, հիւանդանոցներ, դպրոցներ, մանկապարեզներ, երեխաներ ու տարեցներ` յառաջացնելով մարդկայնական աղէտ եւ մարդոց իրաւունքներու զանգուածային խախտումներ: Չեն գործեր դպոցներն ու մանկապարտէզները:
Բացի այդ, արդէն երկրորդ օրն է՝ «բնապահպան» ներկայացող Ազրպէյճանի activist-ները, իրականութեան մէջ` զինուորականներ ու պետական ծառայողներ, Դեկտեմբեր 12-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն փակ կը պահեն նաեւ Լաչինի միջանցքը՝ Շուշի – Քարին տակ հատուածը՝ կտրելով միակ կապը Հայաստանի ու Արցախի միջեւ:
Այս ամէնը ոչ թէ իրարմէ կտրուած արարքներ են, այլ միասնական քաղաքականութեան, մէկ միասնական շղթայի բաղկացուցիչ մասեր են. ատելութեան ու թշնամանքի քաղաքականութիւն, որ ունի ցեղական ու կրօնական հիմքեր:
Ալ ինչպէ՞ս կ՝ըլլան ցեղասպան քաղաքականութիւնը եւ ցեղական զտումները: Տիպիկ քրէօրէն պատժելի միջազգային յանցաւոր վարքագիծ:
Այս յանցաւոր քաղաքականութեան ապացոյցները պիտի ուղարկուին միջազգային կազմակերպութիւններուն:
Արման Թաթոյեան
