Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ցեղասպանութիւն Իրականացնելու Նպատակ Կը Հետապնդէ. Իրանցի Փորձագէտ

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանը յառաջիկայ օրերուն կրնայ սաստ6կացնել ռազմական սադրանքները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի՝ այս կարծիքը յայտնած է իրանցի փորձագէտ Էհսան Մովահետիանը՝ ILNA-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։

Փորձագէտը կը կարծէ, որ Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին փակումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղասպանութիւն իրականացնելու նպատակ կը հետապնդէ։ Միւս պատճառը, ըստ Մովահետիանի, Լաչինի միջանցքին մէջ ոսկիի հանքավայրերն են։ Ան համոզուած է, որ Պաքուն մտադիր է գրաւելու միջանցքը եւ այնտեղէն դուրս մղելու ռուս խաղաղապահները, որպէսզի բրիտանական ընկերութիւնները կարենան շահագործել այդ հանքերը:

«Իրավիճակը ճգնաժամային է. Իրանը դիւանագիտական ​​մակարդակով պէտք է աւելի աշխոյժ ըլլայ: Նաեւ մեր զինուորականները պէտք է զգուշացնեն Պաքուն տարածաշրջանին մէջ արկածախնդրութենէ եւ զգուշացումներ ուղարկեն անոնց։ Մենք պէտք է աշխուժացնենք մեր տեղեկատուական գործունէութիւնը եւ լուսաբանենք Ազրպէյճանի գործողութիւնները»,- ըսած է Մովահետիանը։