Մեղրիկ Նարկիզեան Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Գրասենեակի Վարիչ Տնօրէն Նշանակուեցաւ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ գոհունակութեամբ կը տեղեկացնէ Մեղրիկ Նարկիզեանի նշանակումը Հ.Օ.Մ.-ի Վարիչ Տնօրէնի պաշտօնին: Ան Պոսթըն փոխադրուելով անցաւ աշխատանքի Սեպտեմբեր 2022-ին:

«Ինձ hամար հպարտութիւն է իմ բաժինս բերել այսպիսի մեծ պատմութիւն ունեցող կազմակերպութեան մէջ եւ ծառայել այս մարդասիրական կազմակերպութեան նպատակներու իրականացման աշխատանքին: 112 տարիներ շարունակ Հ.Օ.Մ.-ը միշտ եղած է մեր ազգի կողքին ունենալով իր մեծ ներդրումը հայկական մշակոյթի տարածման աշխատանքներուն եւ միշտ օգնութեան ձեռք մեկնած աղէտներէ եւ պատերազմէ տուժած հայկական գաղութներուն» ըսաւ Մեղրիկը. «Հ.Օ.Մ.-ը միշտ եղած է եւ պիտի մնայ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի ինչպէս նաեւ Սփիւռքի հայկական գաղութներու կողքին»։

Մեղրիկը ծնած է Հալէպ Սուրիա 1986ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգային Սահակեան վարժարան ապա Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս, բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Պետական Համալսարանի պատմութեան բաժնէն, այնուհետեւ 2011-ին Մեղրիկը Հալէպի Պետական Համալսարանի կրթութեան բաժինը կ՝աւարտէ ձեռք բերելով Մագիստրոսի աստիճան:

Ունենալով մեծ սէր պատմութեան եւ մշակոյթի հանդէպ, Մեղրիկը պատմութիւն կը դասաւանդէ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս 2011-2012-ին:

Սակայն կեանքը տարբեր ծրագրեր ունէր, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքացիական պատերազմի պատճառով Մեղրիկը կը տեղափոխուի Հայաստան: Այսպիսով կ՝իրականանայ վաղուց սպասուած երազը՝ ապրիլ Հայրենիքի մէջ եւ ծառայել անոր: Ան կ՝աշխատի զանազան ծրագրերու մէջ ինչպէս՝ Հ.Հ. Պաշտպանութեան նախարարութիւն, ան կը հաւաքագրէ եւ կը խմբագրէ Եռաբլուր յուղարկաւորուած Արցախեան առաջին պատերազմի ընթացքին (1988-1994) զոհուած ազատամարտիկներու կենսագրականը, որ ետքը վերածուեցաւ յուշամատեանի: Ան նաեւ աշխատած է Չարենցի անուան Գրականութեան թանգարանի եւ UNICEF Armeniaի հետ կապուած ծրագրերու մէջ:

Մեղրիկը փոքր տարիքէն ընդգրկուած է Սուրիոյ պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններու շարքերէն ներս, որոնք հայրենասիրական ոգիով կերտած են իր անձնաւորութիւնը ան նաեւ կամաւոր աշխատանք տարած է «Դէպի Հայք» կազմակերպութեան մէջ որը առիթը տուաւ ըլլալու հայրենիքի տարբեր շրջաններու մէջ եւ աւելի խոր կապեր հաստատելու հայրենիքի հետ:

«Կեդրոնական Վարչութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ներառեց Մեղրիկը Հ.Օ.Մ.-ի մեծ ընտանիքէն ներս»,- ըսաւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան  ատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան: «Մենք վստահ ենք, թէ Մեղրիկին եռանդն ու կորովը իր դերը պիտի ունենայ Հ.Օ.Մ.-ի առաքելութեան նորանոր նուաճումներուն մէջ»:

Հիմնուած 1910 թուականին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը (Հ.Օ.Մ.) 26 երկիրներուն մէջ գործող մասնաճիւղերով ոչ-հարանուանական, մարդասիրական միութիւն մըն է, որ համաշխարհային տարողութեամբ կը ծառայէ ու կը սատարէ դաստիարակութեան, առողջապահական, բարեգործական անմիջական օգնութիւն եւ կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեան բարելաւման ու տարածման ի խնդիր տարուող աշխատանքներու: