
Ազրպէյճանի ԶՈւ-ն Կրակած է Ներքին Հանդի Ուղղութեամբ
Դեկտեմբեր 8-ին, ժամը 20:20-ի սահմաները, Ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ կրակած են Ներքին Հանդի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Հայկական կողմը կորուստներ չունի: Ժամը 23:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը առաջնագիծի վրայ յարաբերականօրէն կայուն է: