Մեր Յորդորն է Յարգել Մեր Ժողովուրդի Ինքնորոշման ու Գոյութեան Իրաւունքները․ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Աշխատանքային այցով Ֆրանսայի Հանրապետութիւն մեկնած Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Դեկտեմբեր 7-ին, Փարիզի մէջ հանդէս եկած է մամուլի ասուլիսով, որուն մասնակցած են շուրջ երկու տասնեակ ֆրանսական առաջնակարգ լրատուամիջոցներ: Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն։

Նախագահ Յարութիւնեան ներկայացուցած է Ֆրանսա կատարած այցին նպատակները, նշած Արցախի ժողովուրդին հանդէպ Ազրպէյճանի կողմէ պարբերաբար եւ յաճախակի դարձած յարձակողական վարքի դրսեւորումները, հետեւողական կերպով մարդասիրական խնդիրներու ստեղծումը, թուարկած այն սպառնալիքները, որոնք լրջագոյն վտանգ կը ներկայացնեն սեփական հայրենիքին մէջ Արցախի ժողովուրդի գոյութեան համար: Ան նշած է, որ Ֆրանսայի միջոցով կ՝ուզէ ուղերձ յղել եւրոպական բոլոր պետութիւններուն, որ միջոցներ ձեռնարկեն կանխելու Ազրպէյճանի վերոնշեալ սանձարձակ պահուածքը, որուն աներկբայ կը սատարէ Թուրքիան:

«Մենք կը հասկնանք, որ Ազրպէյճանի հետ Եւրոպան ունի քարիւղա-կազային շահեր, սակայն մեր յորդորն է յարգել մեր ժողովուրդի ինքնորոշման ու գոյութեան իրաւունքները եւ առկայ գործիքակազմերով թոյլ չտալ Ազրպէյճանի ցեղասպանական ու ծաւալապաշտական քաղաքականութեան իրականացումը: Այս իմաստով տեղին է նշել նաեւ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին ոչ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ կատարած յարձակումներն ու ՀՀ ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւումները»,- ըսած է Արայիկ Յարութիւնեան:

Հանդիպման ընթացքին նախագահը պատասխանած է լրագրողներու տարաբնոյթ հարցերուն, ինչպէս նաեւ առանձին հարցազրոյց տուած է «Ֆրանս փրէս» պետական լրատուական գործակալութեան եւ հիւրընկալուած է «France-24» հեռուստաալիքին: