Համազարկը Մհերի Եւ Եռաբլուրեան Ամբողջ Փաղանգի Յիշատակին, Կտակին Ու Պատգամին… *

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Արմէն Թաշճեան

Նպատակային է այս հաւաքը, նահատակ Մհերի յիշատակը եւ իր ընդհատուած գործէն գոնէ մաս մը ապրեցնելու եւ շարունակելու յանձնառութիւնը ունի անիկա:

Իր նահատակութեամբ կեանքի իր ուղեւորութիւնը կարճատեւ եղաւ: Այսուհանդերձ, իր ձեռնարկած գործունէութիւններով, պարզած օրինակով, հայրենասիրական վարքի ծանրութեամբ եւ գաղափարական հրայրքով իր նահատակութեամբ փոխանցուած պատգամը կը դառնայ շա՛տ աւելի տարողունակ ու դրոշմելի գրեթէ ամէն տեղ, ուր հայ կեանքի իրականութիւն մը կը սաղմնաւորուի ու կ՛ուռճանայ:

Հայ աւանդական ընտանիքի եւ հայահոծ թաղերու մէջ իր աճելավայրը գտած Մհերը իր կազմաւորումին աւիշ տուաւ իր իսկ գաղափարական ընտրութեամբ:

Ճիգ չխնայեց ամենապայծառի, ամենախիզախի, արդարագոյնի ու ազնուագոյնի  փնտռտուքին մէջ ե՛ւ իր անհատականութիւնը խարսխեց հոն:

Այս ամուր անհատականութեամբ, նոյնիսկ երբ պատասխանատուութիւններ ստանձնեց, Մհերը չգայթակղեցաւ մեծամտութեան մէջ: Ընդհակառակն, իր սերնդակիցներուն իսկ վկայութեամբ, բոլոր շրջանակներուն մէջ ան յատկորոշուեցաւ իր խոնարհ ու հեզ վարքով: Հակառակ իր փայլուն միտքին` պատրաստ էր լսելու բոլորը եւ բոլորին հետ քննարկելու առաջադրուած ամէն հարց ու կարծիք:

Նոյն լայնախոհ եւ խոնարհ պահուածքով ան իր շուրջ կը փնտռէր  ծաղկող եւ ամուր անհատականութիւններ, որովհետեւ կը հաւատար անհատականութեանց կուտակային եւ հարստացուցիչ արժէքին, մանաւա՛նդ` ազատագրական պայքար մղող հաւաքականութեան մը համար:

Մհերը մերժած էր պատեհապաշտ բոլոր իրականութիւնները եւ յեղափոխական սկզբունքայնութեամբ կը ձգտէր նպատակասլաց իրականութիւններ նախաձեռնելու:

Այդ պատճառով էր նաեւ, որ համոզուած էր տոկուն անհատականութիւններու հանրագումար ուժին, որ կրնար պատեհապաշտ կաղապարներէն ազատել բոլորը եւ ամբողջը մղել շարժի` դէպի նպատակ ու գաղափար:

Իր այս խոր համոզումներուն լաւագոյն ապացոյցներէն մին  արձանագրուած է իր այն դիտողութեան մէջ, երբ կ՛ըսէ. «Կորսուած են նախաձեռնելու, գործելու ամէն ձեռնհասութիւն,  եւ դարձած ենք դիտող, պարզ ամբոխ. երիտասարդութիւնը դարձած է պատեհապաշտ` այս կամ այն առիթներու եւ շահերու զոհ ըլլալով: Անհատականութիւններ գրեթէ գոյութիւն չունին, իսկ շատ մը անհատականութիւններ հակադրուելով ուրիշներու` կը ճզմուին եւ կը կորսուին խօսքերու եւ բամբասանքներու ծովի մը մէջ»:

Տարաբնոյթ գործունէութեանց մէջ Մհերի խիզախ անհատականութիւնը, նպատակի կառչածութիւնը եւ աշխատանքի անսահման նուիրումի ուժգնութիւնը կարճ ժամանակի մէջ զինք տարած էին ճակատային գօտիներու վրայ:

Համալսարանական ուսումնառութենէ մինչեւ ուսուցչութիւն, երիտասարդականի աշխուժ պատասխանատուութիւններէ մինչեւ պատանեկանի դաստիարակ եւ վարիչ, հայահոծ թաղամասերու ինքնապաշտպանական աշխատանքներէ «Դէպի Երկիր» գնացք եւ, վերջապէս,  արցախեան ազատամարտի խրամատներ, Մհերը եղա՛ւ ճակատային գօտեմարտերու ասպետ մը:

Գիտութեան հանդէպ իր սէրն ու հետաքրքրութիւնը Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն բնագիտութեան վկայականով չյագեցուցած` անցում կատարեց երկրաբանական բնագիտութեան մէջ մասնագիտանալու` այս անգամ հայրենիքի մէջ:

Եղաւ փայլուն ուսանող, որ կը հաւատար հայ գիտական միտքի ուժին եւ ազատամարտի յաղթանակի երաշխաւորման մէջ այդ ուժի սպասարկման որոշիչ դերակատարութեան:

Իր այս համոզումին մէկ հետքը կը գտնենք Հայաստան հաստատուելէ ետք իր ընկերոջ յղած նամակին մէջ տեղ գտած հետեւեալ տողերուն մէջ. «Հոս շատ մեծ հնարաւորութիւններ կան գիտական զանազան մարզերու մէջ նոր գիւտեր յայտնաբերելու, բայց միայն ֆինանսաւորում ըլլայ, մեր ամբողջ պայքարը կարելի է վերածել գիւտերու կռիւի»:

Իր այս համոզումով ի՛նք եւս ջանադիր օրինակ մը յառաջացուց թնդանօթաձգութեան թիրախային հարուածներ կարգաւորելու ու ճշդորոշելու համակարգչային ծրագիրի մը սեփական մշակումով:

Մհերը յատկապէս Հայաստան իր կեցութեան շրջանին ձեռնամուխ եղաւ մարտավարական հարցերու սպասարկման` մասնաւորաբար, ռազմական գիտելիքներու, ականանետներու հմուտ գործածութեան, քարտիսագիտութեան եւ ռազմական ճարտարարուեստի տիրապետման ճամբարային ուսուցումով:

Բայց եւ այնպէս, Մհերը միշտ ալ առաջնահերթ նկատեց ռազմավարական հարցերու յստակացումը, ինչպէս նաեւ` ամբողջ ազատամարտը գաղափարական յենասիւներու վրայ պահելու անհրաժեշտութիւնը: Իր խորաթափանց հայեացքի մէկ դիտարկումէն մէջբերում մը ե՛ւս կատարենք.

«…Ճիշդ չէ, որ այս պատերազմը հարիւր տոկոսով լաւ պէտք է անդրադառնայ մեր ժողովրդի, յատկապէս Արցախի պատմութեան վրայ, որովհետեւ այն պատճառ է դառնալու ժողովրդի տգէտ խաւի առաւել տգիտութեան, քանզի պատերազմն այլ արժէքներ է բերում` սպանութիւն, զէնք… Դպրոցները մեծ անկում են ապրել, պատանեկութիւնը փողոցում է եւ լիովին չի հասկանում ազատագրական կռուի իմաստը, այլ տպաւորւում է այն երեւոյթներով, որոնք ուղեկցում են պատերազմին հէնց որոշակի խաւի տգիտութեան պատճառով: Այս ամէնը չէր լինի, եթէ ողջ հայութիւնն իր մասնակցութիւնը բերէր մղուող կռուին:

«Ղարաբաղի ժողովուրդը նման դրութեան մէջ դառնում է եսակենտրոն. դա բնական է, քանզի նա մենակ է իր կռուին մէջ: Այս ամէնի հետեւանքները եկող մի քանի տարիներին չի զգացուելու, այլ 10-15 տարի յետոյ, երբ Ղարաբաղի ժողովուրդը դատարկուած լինի մտաւորական ներուժից: Յուսամ` իմ այս պատկերացումները սխալ կը լինեն, եւ դէպքերն այլ կերպ կը զարգանան»:

Անցան տարինե՜ր եւ Եռաբլուրի մէջ առիւծացած Մհերին սխալած ըլլալու յոյսը դժբախտաբար խամրեցաւ 44-օրեայ պատերազմի 9 նոյեմբերի  սեւ վարագոյրով…

Այո՛, սիրելիներ,

Տարբեր կրնար ըլլալ, եթէ երբեք Հայաստանի պետութիւնը առաջնորդուած ու գործած ըլլար ռազմավարական այն հայեցակարգով, որ Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան աստիճանաչափն ու ցուցիչն է եւ անոր անվտանգութեան գլխաւոր վահանը, առանց որուն` Հայաստանը մարզպանացման եւ վիլայէթացումի երկընտրանքին առջեւ կը կանգնի…

Տարբեր կրնար ըլլար, եթէ ազգովին անհրաժեշտ մակարդակով իւրացուցած ըլլայինք Մհերին մատնանշած ազատագրական կռուի իմաստը: Մե՛նք է, որ ազատամարտը հետզհետէ ճահճացուցինք բնազդային ինքնապաշտպանութեան պարունակին մէջ, երբ այդ օրերէն ի՛սկ երեւանեան կրպակներու ետին սակարկող երիտասարդներու զգալի հատուած մը ինքզինք անջատեց ազատամարտէն` Արցախը հայրենիք չհամարելու պատճառաբանութեամբ եւ հայրենասիրութիւնը մանրադրամի վերածած` գաւառական հայրենասիրութեան մը մէջ պատսպարուելով:

Տարբեր կրնար ըլլալ, եթէ երբեք մենք իբրեւ սփիւռք` «Դէպի Երկիր»-ի արժէքաբանութեան մէջ, առաւելաբար ռազմավարական մշակումներու եւ խորքի ուղղութեամբ անընդհատ ընթացքի փոխարէն` հետզհետէ չընկղմէինք արցախցիին մարդասիրական օգնութեամբ կարեկից մնալու քաղքենի ինքնամխիթարանքին մէջ:

Անտարակոյս տարբեր ելք ու պատկեր կ՛ունենայինք, եթէ Սումկայիթի, Պաքուի, Գանձակի եւ «Օղակ» գործողութիւններու զոհ` արցախեան բնակավայրերու ջարդերու, բռնագաղթի եւ հայաթափման իրողութեանց ի տես, Ցեղասպանութեան դատին` նաե՛ւ իբրեւ Արցախի հարցին մէջ առկայ եւ անոր շաղկապուած այժմէական սպառնալիքի մը ընթերցանութիւնը կատարած ըլլայինք ազգովին ու պետականութեամբ:

Սիրելինե՛ր,

Ուսանելի շատ դասեր կան Մհերի կանխազգուշացումներէն, մատնանշումներէն, համոզումներէն, իր կեանքի ուղիէն ու նահատակութենէն, մէկ խօսքով` իր ամբողջ էութենէն:

Ան մէկ զարկը եղաւ մեր կռուին:

Իսկ դուք, սիրելի՛ աշակերտներ, բոլորդ միասին կոչուած էք ըլլալու Մհերին եւ եռաբլուրեան ամբողջ փաղանգին յիշատակին, կտակին ու պատգամին համազարկը ամէնուրե՛ք, ամէ՛ն վայրկեան:


Խօսք՝ արտասանուած «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցումին։