Արցախի Նախագահի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Հանդիպած է ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Ֆրանսայի ԿԿ-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Փարիզի մէջ հանդիպած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ֆրանսայի Կենտրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին, որուն կը մասնակցէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեան եւ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, քննարկուած են Արցախի ներքին և արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-Սփիւռք համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:

Արցախի հանրապետութեան նախագահը դրական համարած է նման հանդիպումները` արժեւորելով Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներդրումը Արցախի զարգացման եւ զօրացման ու համազգային խնդիրներու լուծման առնչութեամբ: