Երկու Երկիրներուն Միջեւ Սահմաններու Հարցին Լուծումը, Չի Կրնար եւ Պէտք չէ Կապուած Ըլլայ Արցախի Հանրապետութեան Կարգավիճակին Հետ. ԱՀ ԱԳՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը.

Վերջին շրջանին կրկին աշխուժացած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կարգավիճակին վերաբերեալ տարատեսակ քննարկումները, մեկնաբանութիւնները, կարծիքները, որ առարկայական գործընթաց է՝ հաշուի առնելով ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ այս հարցին առանցքային բնոյթը։

Պաշտօնական Ստեփանակերտը կ՝ողջունէ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ եւ համապարփակ լուծման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած իւրաքանչիւր քայլ։

Միեւնոյն ժամանակ, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութիւնը լիազօրուած է յայտարարելու, որ Արցախի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն պաշտօնական դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ։ Արցախը պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ։ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, նաեւ՝ երկու երկիրներուն միջեւ սահմաններու հարցին լուծումը, չի կրնար եւ պէտք չէ կապուած ըլլայ Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակին հետ։

Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը ոչ մէկ առնչութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ անոր կարգավիճակին հետ, որ սահմանուած է մեր երկրի ժողովուրդին կողմէ՝ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն, սկզբունքներուն եւ այն ժամանակ գործող խորհրդային օրէնսդրութեան ամբողջական եւ խիստ համապատասխանութեամբ։