Հայ Դատի Յանձնախումբը ԱՄՆ Քոնկրեսին Կոչ Ըրած է Արցախին 50 Միլիոն Տոլարի Օգնութիւն Յատկացնելու

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ԱՄՆ-ի օրէնսդիրներուն կոչ ըրած է քննարկուող տարեվերջեան ծախսերու փաթեթին մէջ ընդգրկելու Արցախին 50 միլիոն տոլարի օգնութեան փաթեթը: Այս մասին կը յայտնէ Հայ Դատի յանձնախումբը:

Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պապ Մենենտեսին հասցէագրուած նամակին մէջ՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեանը ամերիկահայ համայնքին եւ դաշնակցային գործընկերներու անունով շնորհակալութիւն յայտնած է անոր՝ Կովկասի մէջ ԱՄՆ քաղաքականութեան վերաբերեալ վերջին լսումներուն համար:

Լսումներուն ընթացքին՝ Պապ Մենենտես անընդունելի անուանած էր Ուաշինկթընի ռազմական աջակցութիւնը Ազրպէյճանին եւ արցախահայերուն օգնութիւն չուղարկելը:

Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Մենենտեսին ուղղուած նամակին մէջ նաեւ կը նշուի հետեւեալը. «Ինչպէս ցաւալիօրէն երեւցաւ Ձեր լսումներուն ժամանակ, ԱՄՆ-ի ներկայ ներգրաւուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ կը ղեկավարուի քարիւղով հարուստ Ազրպէյճանին կողմէ՝ կաշառակեր բռնապետութիւն, որուն Պայտընի վարչակազմը արտօնած է թելադրելու ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը»։

Քոնկրեսի հայկական յանձնախումբի հիմնադիր համանախագահ Ֆրէնք Փալոնին յղած նամակին մէջ՝ Համբարեանը շեշտած է. «Ինչպէս գիտէք, Պայտընի վարչակազմը, ինչպէս եւ նախապէս Թրամփի վարչակազմը, Ազրպէյճանի ճնշման տակ վարած է Արցախին ԱՄՆ մարդասիրական օգնութիւնը արգելափակելու անխոհեմ եւ անպատասխանատու քաղաքականութիւն՝ հակառակ այնտեղ անոր լուրջ կարիքին, ինչպէս նաեւ երկու կուսակցութիւններու լայն աջակցութեան, որ այս օգնութեան ծրագիրը կը վայելէ Քոնկրեսի երկու պալատներուն մէջ։ Արցախին ԱՄՆ-ի օգնութեան դէմ Ազրպէյճանի վեդոյի վերացումը Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ մեր համայնքին ու դաշնակցային գործընկերներուն համար օրէնսդրական գերակայութիւն է»:

Սեպտեմբերին քոնկրեսական Փալոնը եւ Նեւատայի քոնկրեսական Տինա Դիդուսը Քոնկրեսի աւելի քան 45 անդամներու աջակցութեամբ դիմած էին ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին եւ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) ղեկավար Սամանթա Փաուըրին` կոչ ընելով «անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու՝ յատկացնելով զգալի միջոցներ» վտանգի տակ գտնուող Արցախի հայ բնակչութեան աջակցելու համար: