Արցախի Պատմամշակութային Ժառանգութեան Պահպանման, Գիտութեան, Կրթութեան եւ Մշակոյթի Տարատեսակ Հարցերու Վերաբերեալ Գիտաժողով՝ Երեւանի Մէջ

Հայաստան

Վերջերս տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի եւ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ուսումնարանի նախաձեռնութեամբ գիտաժողով՝ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման, գիտութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի տարատեսակ հարցերու վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդեն Համազգայինի Երեւանի գրասենեակէն։

«Այս դժուարին ու հակասական օրերուն մեր պետականութեան թիւ մէկ օրակարգը պէտք է ըլլայ ինքնութեան առանցքին շուրջ Արցախի ու Հայաստանի միասնականացումը։ Ուստի չկորսնցնենք մեր հաւատն ու հաստատակամութիւնը՝ պայքարը յաղթական աւարտին հասցնելու։ Պայքարինք մեր բոլոր հնարաւորութիւններով, նաեւ՝ գրիչով, մտքով, յիշողութեամբ ու նաեւ մշակոյթով եւ կրթութեամբ»,- գիտաժողովի բացման խօսքին մէջ նշեց Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան։

Նոյեմբեր 22-ին, ԳԱԱ պատմութեան ուսումնարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Կրթամշակութային կեանքը Արցախում» գիրքին շնորհանդէսը։ Գիրքին մէջ տեղ գտած են Արցախի մշակոյթը ներկայացնող յօդուածներ։ Ձեռնարկը բացաւ ԳԱԱ պատմութեան ուսումնարանի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան:

«Եթէ չիմանանք Արցախի պատմութիւնը, չենք կրնար ճիշդ ներկայացնել այն հիմնախնդիրները, որոնք այսօր խոցելի դարձուցած են Արցախը»,- նշեց Աշոտ Մելքոնեան:

Գիրքին մասին խօսեցաւ նաեւ Համազգայինի ԿՎ անդան Արտաշէս Շահբազեանը, որ, կարեւոր համարելով գիտաժողովի զեկոյցներուն տպագրութիւնը, փաստեց, որ նմանատիպ գիրքերը կրնան սկզբնաղբիւր դառնալ երիտասարդ գիտնականներու համար։

Գիրքը լոյս տեսած է Հայ կրթական հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ։