Սթրազպուրկի Քաղաքային Խորհուրդը Հայաստանին Աջակցելու Մասին Բանաձեւ Ընդունած է

Աշխարհ, Հայաստան

Սթրազպուրկի քաղաքային խորհուրդը, 7 Նոյեմբերին, միաձայնութեամբ ընդունած է Հայաստանին աջակցութիւն ցուցաբերելու մասին բանաձեւ մը, որ ներկայացուցած էր խորհուրդի անդամ Փիեռ Եակուբովիչ (M. Pierre JAKUBOWICZ)։

«ԵՐԿԻՐ»-ի տեղեկութիւններով՝ բանաձեւին մէջ ընդգծուած է, որ Հայաստանը իր հողին վրայ հերթականօրէն Ազրպէյճանի կողմէ ենթարկուած է յարձակումի, խախտուած է անոր սահմանները եւ միջազգային իրաւունքը։

Նշուած է, որ Հայաստանը, Եւրոպայի խորհուրդի անդամ բարեկամ, եղբայրական երկիր է, որուն հանդէպ կրկնուող յարձակումները անոր համար կը ներկայացնեն գոյութենական վտանգ, որ անընդունելի է։

Սթրազպուրկի քաղաքային խորհուրդը եւ անոր բոլոր անդամները կը հաստատեն իրենց աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին եւ խստօրէն կը դատապարտեն Հայաստանի վրայ զինուորական յարձակումը՝ կոչ ուղղելով վերադառնալու արդար եւ յարատեւ խաղաղութեան:

Ի նշան համերաշխութեան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետ, նիւթական աջակցութենէն զատ, Սթրազպուրկի քաղաքապետարանի եւ վարչական կեդրոնի շէնքերուն վրայ պիտի բարձրացուի Հայաստանի դրօշը։