Հոգեւորականներու Ջանքերով է, Որ Մինչ Այս Պահը Դադիվանքը Մզկիթի Չէ Վերածուած․ Սոֆիա Յովսէփեան

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Սոֆիա Յովսէփեան կը գրէ․

«Քարոզչամեքենան գործի դրուեցաւ…

Որքան անհասկցող կայ կը գրէ․

«Հոգեւորականը պէտք չէ քաղաքականութեամբ զբաղի»։

Լո՞ւրջ…

Իսկ Հոգեւորականը պէտք է զէնք վերցնէ ու պատերազմի մասնակցի՞…

Այսինքն, երբ կը զոհուի, ուրեմն ընդունելի է, երբ կը պայքարի հայրենիքի ու պետականութեան պահպանման համար, ընդունելի չէ՞։ Պատերազմին ալ նոյն բանի համար կը մասնակցի՝ հայրենիքի ու պետականութեան։

Գիտէ՞ք, որ հայր Մկրտիչը մինչ օրս անյայտ կորսուած է, գիտէ՞ք, որ Նարեկ սարկաւագը եւ ուրիշներ զոհուեցան, գիտէ՞ք Դաւիթ սարկաւագը, որ հրաշքով փրկուեցաւ արկի պայթիւնէն ուր է հիմա, չէ՜ չէք գիտեր, գացած է Դադիվանք։ Դադիվանքը խումբ մը երիտասարդ հոգեւորականներ են պահողը՝ ամէն օր կեանքի ու մահուան հետ կռիւ տալով, գիտէ՞ք, որ մինչ այս պահը Դադիվանքը մզկիթի չէ վերածուած, ատիկա նոյն հոգեւորականներու ջանքերով է …

Չէ՜, շատ բան դուք չէք գիտեր եւ դժուար ալ իմանաք, դուք գիտէք միայն չմտածուած խօսիլ, ինչ գրութիւն տան՝ յիմարաբար կրկնէք ու չխորանաք, ո՛չ երկրի խնդրի, ո՛չ էութեան մէջ ։

Միքայէլ սրբազանը անգամ մը ըսաւ. «Այդ, որ կը պայքարին եկեղեցի սարքելու դէմ, հէչ չէ՞ք մտածած, որ եկեղեցին կառուցած են երկրի սահմանները ընդգծելու համար եւ նոյն եկեղեցւոյ առկայութեամբ է, որ կրնաս խօսիլ քուկդ ըլլալու, քու երկիրդ ունենալու, քու սահմանդ ունենալու մասին»։

Իսկ ատիկա քաղաքական է, թէ՞ լաւ է …

Չէ՜, չենք մտածած…

Դէ խաղաղութիւն ձեր կարճ մտքին, որ օր մը հասնինք արժանապատիւ խաղաղութեան։

Բարի գիշեր»։