
Թուրքիոյ Մէջ Ալեւիացուած Հայերուն Մասին Նոր Գիրք Հրատարակուած է
Թուրքիոյ «Այրընթը» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Քազըմ Կիւնտողանի «Ալեւիաց(ու)ած հայերը․ մենք ենթակայ ենք Քրիստոսին, պարտական՝ Ալիին» վերնագիրով գիրքը։ Այդ մասին կը յայտնում է akunq.net/am-ը՝ հիմնուելով «Այրընթը» հրատարակչատան Մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինին տարածած հաղորդագրութեան վրայ։
Ըստ աղբիւրին՝ 528 էջէ բաղկացած սոյն աշխատութիւնը կազմուած է 3 հիմնական բաժիններէ։
Առաջին բաժինով հեղինակը կը ներկայացնէ այն հարցազրոյցները, որոնք իրականացուցած է ինքը 72 ալեւիացուած հայու հետ։
Երկրորդ բաժինով Քազըմ Կիւնտողանը խնդիրին կ՝անդրադառնայ ի սկզբանէ ալեւի եղած մարդոց դիտանկիւնէն՝ հիմնուելով նման 12 հոգիի հետ իրականացուած հանդիպումներուն արդիւնքներուն վրայ։
Երրորդ եւ վերջին բաժինով հեղինակը մանրամասն վեր կը հանէ 1915 թ․ Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ Տէրսիմի շրջանի հայութեան բնակավայրերուն եւ քանակին հետ առնչուող հիմնահարցերը։
Յիշեցնենք, որ սոյն գիրքին հեղինակ Քազըմ Կիւնտողանը յայտնի է նաեւ «Քահանայի թոռները» գիրքով, որ եւս հրատարակուած էր «Այրընթը» հրատարակչատան կողմէն։
Թարգմանութիւնը՝ Մելինէ Անումեանի
Akunq.net/am