
Ազրպէյճանի ԶՈւ Ստորաբաժանումները Կրակած են Հայկական Դիրքերու Ուղղութեամբ․ ՀՀ ՊՆ
Նոյեմբեր 4-ին, ժամը 19:40-ին, Ազրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Հայկական կողմը կորուստներ չունի: Ժամը 22:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ազրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է: