
Փաստահաւաք Առաքելութեամբ Հայաստան Կը Ժամանեն Եւրոպական Խորհրդարանի Պատգամաւորներ
Հայաստանի հանդէպ ազրպէյճանական յարձակման հակազդելու եւ Արցախին պարտադրուող ազրպէյճանական մեկուսացումը ճեղքելու հրամայականէն մեկնած, ինչպէս նաեւ Արցախեան հակամարտութեան շարունակական միջազգայնացումը ապահովելու եւ առհասարակ Հայ Դատի համակարգին կողմէ հայկական շահերու պաշտպանութեան անհրաժեշտութենէն՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, 2022թ․ Հոկտեմբեր 31-Նոյեմբեր 4, Եւրոպական Խորհրդարանէն պատգամաւորներու փաստահաւաք առաքելութիւն մը կը ժամանէ Հայաստան։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ պատուիրակութեան կազմին մէջ են Եւրոպական Խորհրդարանի հոլանտացի պատգամաւոր, ԵԺԿ քաղաքական խումբի անդամ, Արցախի հետ ԵԽ բարեկամութեան խումբի համահիմնադիր Բեդըր Վան Տալենը, ԵԽ նախկին փոխնախագահ, իտալացի անկախ պատգամաւոր Ֆապիօ Մասիմօ Գասդալտոն եւ գերմանացի պատգամաւոր, ԵՊՌ քաղաքական խումբի անդամ Լարս Փաթրիք Պերկը։ Պատուիրակութեան անդամներուն կ՝ուղեկցին ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը, գրասենեակի տնօրէն Հեղինէ Էւինեանը եւ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագրերու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեանը։
Այցին ընթացքին նախատեսուած են հանդիպումներ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան, ՀՀ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեան, քաղաքական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու հետ։
Նոյեմբեր 2-ին նախատեսուած է պատուիրակութեան այցը Սիւնիք, հանդիպում տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ, այցելութիւն ազրպէյճանական վերջին յարձակումէն տուժած բնակավայրեր եւ հանդիպում քաղաքացիական բնակչութեան հետ։
Այցին աւարտին ԵԽ պատգամաւորները հանդէս պիտի գան մամուլի ասուլիսով։