Զօրակցութիւն Իրանին. Թեհրանի Հայոց Թեմը Կը Դատապարտէ «Շահ Չերաղ»-ի Ահաբեկչութիւնը

Աշխարհ, Սփիւռք

Իրանի ազնիւ ժողովուրդը յաճախ բախած է արտաքին եւ ներքին դաւադրութիւններու, որոնցմէ ամենաչարը ահաբեկչական գործողութիւններն են, որոնք խլած են բազմաթիւ զոհեր եւ նահատակներ։ Բայց, քանի որ ազգի հաստատուն կամքը հիմնուած է անկախութեան, հայրենիքի նկատմամբ յանձնառութեան, ազատութեան եւ կրօնական հաւատքի վրայ, առյաւէտ կայուն պիտի մնայ։

Վերջին երկու տասնամեակներուն ահաբեկչութիւնը դարձած է սանձարձակութեան խորհրդանիշ եւ տարածաշրջանային բարդութիւններու, բողոքներու ու հասարակական մտահոգութիւններու չարաշահումով դարձած է մարդկային եւ խաղաղ երկիրներու՝ ներառեալ Իրանի՝ կեանքը խանգարող միջոց։

Կոյր ու նողկալի ահաբեկիչը, մոլորեալ ու հակամարդկային ուսուցումներէ վարակուած ու շփոթուած՝ նախապաշարումներով բռնուած չ՝ողորմիր անգամ անմեղ հաւատացեալ երեխաները, կանանց ու տղամարդկանց, եւ սրտաբեկ ժողովուրդը, որոնք իրենց մենութեան մէջ Աստուծոյ աղօթելու ընթացքին՝ իրենց արեան մէջ ննջեցին։ Նողկալի եւ արիւնոտ ոճրագործութիւն մը, որ կատարուեցաւ Չորեքշաբթի օր՝ 4 աբանին, Շիրազի «Շահ Չերաղ» սրբատեղիին մէջ։ Այս անմարդկային արարքը թիրախ դարձուցած էր ազգն ու Իրանի ինքնիշխանութիւնը, կրօնը, հոգեւոր եղբայրութիւնը եւ ազգային միասնութիւնը։

Մենք՝ իբրեւ Թեհրանի եւ Հիւսիսային թեմի հոգեւոր առաջնորդ, մեր եւ մեր ժողովուրդին կողմէ, խստօրէն կը դատապարտենք այս անմարդկային յանցագործութիւնը եւ կ՝աղօթենք միաժամանակ, որ Աստուած անսասան պահէ մեր սիրելի Իրանը իր ողջ ժողովուրդով եւ ոճրային արարքին զոհ գացած մեր նահատակներու հոգին խաղաղութեան մէջ պահէ եւ իրենց ընտանիքներուն ու հարազատներուն պարգեւէ մխիթարութիւն եւ անվտանգ կեանք։

Այս տխուր առիթով, մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Իրանի մեծ ժողովուրդին, զոհերու ընտանիքներուն եւ Աստուծմէ խաղաղութիւն կը հայցենք մեր սիրելի Իրանին։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ