Պարոնուհի Քոքսը Լորտերու Պալատի Քննարկումներուն Ընթացքին Պաքուն Պատասխանատւութեան Ենթարկելու Հարցը Բարձրացուցած է

Աշխարհ, Հայաստան

Մեծ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը խորհրդարանական քննարկումներուն ժամանակ բարձրացուցած է Հայաստանի հանդէպ պարտաւորութիւնները չկատարելուն եւ պատերազմական յանցագործութիւններուն համար Ազրպէյճանը Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութեան կողմէ պատասխանատւութեան ենթարկելու, իսկ Լորտ Հուսէյնը՝ ԵՄ գլխաւորած միջնորդական ջանքերուն Բրիտանական կառավարութեան աջակցութիւնը վերահաստատելու մասին հարցերը։ 

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Քերոլայն Քոքսը նշած է․ «Այս տարի երկու անգամ այցելած եմ Հայաստան եւ ականատես եղած եմ Ազրպէյճանի կողմէ հայերուն պատճառած ցաւին՝ անպատժելիութեան մթնոլորտի մէջ, ներառեալ 2020 թուականի հրադադարի համաձայնագիրով ստանձնած բոլոր գերիները ազատ արձակելու վերաբերեալ պարտաւորութիւններու չկատարման: Թէեւ Հայաստանը ազատ արձակած էր ազրպէյճանցի բոլոր գերիները, Ազրպէյճանը վերջերս հաստատած է առնուազն 33 հայ գերիներու, որոնց մէջ երեք քաղաքացիական անձեր պահելու մասին, իսկ քանի մը հարիւր հայ դեռ անյայտ կորսուած են, իսկ Ազրպէյճանը կը հրաժարի արտօնել Հայաստանին հանելու զոհուածներուն դիերը գրաւուած տարածքներէն: Վերջերս տեսանիւթ հրապարակուած է, որ ի ցոյց կը դնէր հայ բանտարկեալներուն հանդէպ դաժան վերաբերմունքը, խոշտանգումները եւ սպանութիւնները: Ի՞նչ նշանակալից նախաձեռնութիւններ եղած են կամ կը ձեռնարկուին Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութեան կողմէ Ազրպէյճանը պատասխանատւութեան ենթարկելու համար»:

Լորտ Հուսէյնը շեշտած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանային վերջին բախումները կ՝ընդգծեն այդ երկու երկիրներուն միջեւ ԵՄ-ի գլխաւորած խաղաղութեան գործընթացը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը, այնուհետեւ ըրած է հետեւեալ հարցադրումները. «Արդեօ՞ք համաձայն էք, որ բոլոր հարցերու կայուն լուծման հասնելու եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները լիովին կարգաւորելու համար անհրաժեշտ է ունենալ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիր: Աւելին՝ արդեօ՞ք կրնաք վերահաստատել երկու երկիրներուն միջեւ ԵՄ գլխաւորած միջնորդական ջանքերուն Բրիտանական կառավարութեան աջակցութիւնը»: