Ուաշինկթընեան Համաձայնագիրը Կ՝ենթադրէ Ղարաբաղի Հանդէպ Ազրպէյճանի Ինքնիշխանութեան Ճանաչում, Եթէ Հայաստանը Ընտրէ Այդ Տարբերակը՝ Մենք Ոչինչ Կրնանք Պարտադրել. Փութին

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը, ի հարկէ, պէտք է, եւ մենք կ՝աջակցինք խաղաղ կարգաւորման։ Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, այսօր յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը։

Ան նշած է, որ հայ ժողովուրդն ու ղեկավարութիւնը պէտք է ընտրեն, թէ որ տարբերակը պէտք է իրենց, սակայն ցանկացած տարբերակ, որ կը յանգեցնէ խաղաղութեան, ընդունելի պիտի ըլլայ իրենց համար։

«Մենք չենք պատրաստուիր որեւէ բան պարտադրելու, չենք կրնար եւ չենք պատրաստուիր Հայստանին որեւէ բան թելադրելու, եթե հայ ժողովուրդն ու այսօրուան ղեկավարութիւնը որոշեն, որ պէտք է ընտրեն յստակ տարբերակ, որքան գիտեմ՝ Ուաշինկթընեանը, որ կը նախատեսէ Ղարաբաղի հանդէպ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան ճանաչումը, ուստի խնդրեմ»,- ըսած է Փութինը՝ նշելով, որ ՌԴ-ն պիտի սատարէ հայ ժողովուրդի ցանկացած ընտրութիւն։

Ան նաեւ նշած է, որ եթէ Հայաստանն ու ներկայ իշխանութիւնը կը կարծեն, որ Ղարաբաղը ունի իր առանձնայատկութիւնները, որոնք պէտք է հաշուի առնել եւ ներառել պայմանագրին մէջ, ատիկա նոյնպէս հնարաւոր է քննարկել։

«Ասիկա շատ դժուար ու ծանր հարց է, Հայաստանը մեր ռազմավարական գործընկերն է, դաշնակիցն է, եւ մենք, նկատի առնելով Ազրպէյճանի շահերը, պէտք է կեդրոնանանք այն հարցերուն վրայ, որոնք պիտի առաջարկէ Հայաստանը»,- ըսած է ՌԴ նախագահը։