Հոկտեմբեր 30-ին Արցախի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ ԱԺ Արտահերթ Նիստ եւ Հանրահաւաք

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանի քաղաքական բոլոր ուժերուն նախաձեռնութեամբ՝ Հոկտեմբեր 30-ին, ժամը 15:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ եւ հանրահաւաք՝ նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան արժանապատիւ ու անվտանգ ապագային: Նիստը ուղիղ հեռարձակումով պիտի ցուցադրուի Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ միաժամանակ հրաւիրուած մեծ հանրահաւաքին առջեւ:

Նիստէն անմիջապէս ետք՝ ելոյթները պիտի շարունակուին Վերածնունդի հրապարակին վրայ հրաւիրուած հանրահաւաքի ընթացքին: Բոլորդ կը հորդորենք մասնակցելու հանրահաւաքին՝ սեփական ճակատագիրը հայրենի հողին վրայ տնօրինելու մեր վճռականութիւնը միասնաբար յայտնելու նպատակով:
Հոկտեմբեր 30-ին, ժամը 15:00-ին, հանդիպման վայրը Վերածնունդի հրապարակն է՝ 88-ի շարժման ոգիով միասին մեր ձայնը բարձրացնելու…

Արցախի Հանրապետութեան
ԱԺ լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժին