
Լոյս Տեսած է «Կրթամշակութային Կեանքն Արցախում» Խորագիրով Գիտաժողովի Նիւթերուն Ժողովածուն
Լոյս տեսած է «Կրթամշակութային կեանքն Արցախում» խորագիրով գիտաժողովի նիւթերուն ժողովածուն։ Այս մասին կը հաղորդէ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը։
Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին եւ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ուսումնարանին նախաձեռնութեամբ։
Գիրքին մէջ տեղ գտած զեկուցումները նուիրուած են Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման, գիտութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի տարատեսակ հարցերու, որոնք կը վերաբերին անցեալին, ներկային, ինչպէս նաեւ կը մատնանշեն գալիք թիրախները։
«Այս դժուարին ու հակասական օրերուն մեր պետականութեան թիւ մէկ օրակարգը պէտք է ըլլայ ինքնութեան առանցքին շուրջ Արցախի ու Հայաստանի միասնականացումը։ Ուստի չկորսնցնենք մեր հաւատքն ու հաստատակամութիւնը պայքարը յաղթական աւարտին հասցնելու համար։ Պայքարինք մեր բոլոր հնարաւորութիւններով, նաեւ՝ գրիչով, մտքով, յիշողութեամբ ու նաեւ մշակոյթով եւ կրթութեամբ»,- գիտաժողովի բացման խօսքին մէջ նշած էր Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան։
Գիրքը լոյս տեսած է Հայ Կրթական Հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ։
Գիրքին խմբագիրն է արձակագիր Դաւիթ Սարգսեանը։