Ամերիկահայերը Ծերակոյտի Անդամի Թեկնածու Մեհմետ Օզէն Պահանջած են Դադրեցնել Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքի ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց իրականացուցած են՝ Փենսիլվանիայէն Ծերակոյտի անդամի թեկնածու, թուրք Մեհմետ Օզէն պահանջելով դադրեցնել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը: ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ բողոքի ցոյցը իրականացած է հեռուստաբանավէճին զուգահեռ, որուն մասնակցած են Մեհմետ Օզն ու անոր մրցակից, Փենսիլվանիոյ փոխ նահանգապետ Ճոն Ֆեթերմանը:

Ցոյցի մասնակիցները տեղական եւ միջազգային լրատուամիջոցներուն հետ կիսուած են իրենց մտահոգութիւններով՝ մատնանշելով Մեհմետ Օզի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու փաստը, անոր սերտ կապերը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ էրտողանի հետ: Ցուցարարները մտահոգութիւն յայտնած են, որ ընտրութիւններուն Օզի յաղթանակը կրնայ դուռ բանալ ԱՄՆ-ի մէջ օտարերկրեայ ազդեցութեան համար:

Կը նշուի, որ ընտրութիւններուն Մեհմետ Օզի մրցակից Ճոն Ֆեթերմանը իր հերթին աջակցութիւն յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ ԱՄՆ Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու պալատի, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի կառավարութեան որոշումներուն: Ֆեթերման նաեւ իր աջակցութիւնը յայտնած է ԱՄՆ խումբ մը քոնկրեսականներու ներկայացուցած բանաձեւերուն, որոնցմով կոչ կ՝ուղղուի Ազրպէյճանէն պահանջելու ազատ արձակել հայ ռազմագերիները, Պետական բաժանմունքին կոչ կ՝ուղղուի զեկոյցներ ներկայացնելու Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններուն վերաբերեալ եւ դադրեցնելու այդ երկրին տրուող ցանկացած ռազմական աջակցութիւն: