Վարազդատ Լալայեանը՝ Եւրոպայի Մ23 Կրկնակի Ախոյեան

Աշխարհ, Հայաստան

Ալպանիոյ Տիւրես քաղաքին մէջ իրականացած ծանրամարտի Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու առաջնութիւնը աւարտեցաւ աշխարհի փոխ ախոյեան Վարազդատ Լալայեանի փառահեղ յաղթանակով: Այս մասին կը հաղորդէ Sports.News.am-ը։

+109 քկ քաշայիններու պայքարին նախորդ տարուան Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեանը հաւասարը չունեցաւ նաեւ Ալպանիոյ մրցահարթակին վրայ:

Երկամարտի 440 քկ արդիւնքով Լալայեանը հռչակուեցաւ Եւրոպայի Մ23 կրկնակի ախոյեան: