
Ֆրանսայի Մէջ Թուրք Աշխակերտը Պատժուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Հերքելուն Համար
Ֆրանսայի մայրաքաղաքի հանրակրթական դպրոցներէն մէկուն մէջ պատմութեան դասաժամի թեման եղած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Աշակերտներէն մէկը՝ թուրք Հասան Քարաօղլանը, հակադարձած է ուսուցչին եւ ժխտած նախորդ դարասկիզբին թուրքերուն իրականցուցած սոսկալի ոճրագործութիւնը։ Իր այդ պահուածքին համար՝ 14-ամեայ թուրք աշակերտը հեռացուած է դասասենեակէն։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով arti33.com-ը։
Այնուհետեւ, դպրոցի տնօրէնութիւնը պայմանական պատիժ կիրառած է անոր նկատմամբ՝ տալով խիստ նախազգուշացում, որ եթէ մէկ անգամ ալ թուրք աշակերտը հերքէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը՝ եռօրեայ ժամկէտով պիտի հեռացուի դպրոցէն ու պիտի զրկուի դասընթացներուն մասնակցելու հնարաւորութենէն։
Ուշագրավ է աշակերտին հօր արձագանգը։ Վերջինս դժգոհած է կատարուածէն ու համոզում յայտնած, որ այդ ամէնը տեղի ունեցած է զուտ այն պատճառով, որ Ֆրանսայի մէջ թշնամանք կայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին հանդէպ։