
Մալխաս Ամոյեան Ըմբշամարտի Աշխարհի Մինչեւ 23 Տարեկաններու Ախոյեան
Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրէն ներս, 77 քկ դասակարգի աւարտականի մրցումին, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Մալխաս Ամոյեան, որ մրցեցաւ մոլտովացի Ալեքսանտր Կութուի դէմ` արձանագրելով 7-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը, հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան:
Ամոյեան կիսաւարտականի իր յաղթանակը արձանագրեց ճափոնցի իր մրցակիցին դէմ` 9-5 արդիւնքով, իսկ անկէ առաջ` քառորդ աւարտականին, իր խըրխըզ մրցակիցին դէմ` 2-1 արդիւնքով: