
Գոռ Սահակեանը Շրջանցեց Թուրք 2 Մրցակից եւ Հռչակուեցաւ Եւրոպայի Մ20 Ախոյեան
Ալպանիոյ Տիւրես քաղաքին մէջ ընթացող ծանրամարտի Եւրոպայի մինչեւ 20 տարեկաններու առաջնութեան՝ Հայաստանի ներկայացուցիչ Գոռ Սահակեանը նուաճած է ախոյեանի տիտղոսը: 67 քկ քաշային կարգի մէջ՝ Հայաստանի ներկայացուցիչը երկամարտի ընթացքին արձանագրած է 301 քկ: Այս մասին կը հաղորդէ Sports.News.am-ը։
Պոկում վարժութիւնը Սահակեանը սկսած է 134 քկ-ով, որ կրցած է բարձրացնել միայն երկրորդ մօտեցմամբ: Այս վարժութեան մէջ երրորդ մօտեցման համար պատուիրուած 138 քկ-ը ձախողած է եւ արժանացած՝ փոքր արծաթէ մետալի:
Հրում վարժութեան մէջ բարձրացուցած է նախ՝ 161 քկ, ապա՝ 167 քկ: Երրորդ մօտեցման 172 քկ-ը ձախողած է: Այս վարժութեան մէջ ալ նուաճած է փոքր արծաթէ մետալ:
67 քկ քաշայիններ մետալային պայքարը կ՝ընթանար Գոռ Սահակեանի եւ թուրք երկու ծանրորդներու միջեւ: Թէեւ առանձին վարժութիւններու մէջ թուրք ծանրորդները շրջանցած են Գոռը, բայց երկամարտի ընթացքին՝ հայ ծանրորդը 3 քկ-ով շրջանցած է մրցակիցները:
Այս քաշային կարգին մէջ արծաթէ մետալակիր դարձած է Եուսուֆ Ֆեհմի Կենչ (298 քկ, 131+167) եւ Գաան Գահրիմանը (293 քկ, 137+156):
Մինչեւ 20 տարեկաններու պայքարին՝ նախապէս՝ Հայաստանի համար պրոնզէ մետալ նուաճած էր 61 քկ Ռաֆիկ Մինասեանը: Ան երկամարտին գրանցած էր 256 քկ արդիւնք (116+140):
Մրցումային առաջին օրը մրցահարթակ եկած Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները մետալ չեն նուաճած:
2022 թուականի երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան Գառնիկ Չոլաքեանը 55 քկ քաշայիններու պայքարին ստացած էր զերօ: Նոյն քաշային կարգին մէջ Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչ Սէյրան Խուդանեանը 217 քկ արդիւնքով պայքարը աւարտած է 6-րդ դիրքով: