Ծանրամարտիկ Գոռ Մինասեան՝ Ասիոյ Ախոյեան

Աշխարհ, Հայաստան

Ծանրամարտիկ Գոռ Մինասեան +109 քկ քաշայիններու պայքարին երկամարտի 452 քկ արդիւնքով նուաճեց ախոյեանի կոչումը՝ սահմանելով Ասիոյ երկու ցուցանիշ։ Այս մասին, ըստ Sputnik Armenia-ի՝ կը հաղորդէ Ծանրամարտի միջազգային ֆետերասիոնը։

Ողիմպիական փոխ ախոյեան, աշխարհի ու Եւրոպայի փոխ ախոյեան Գոռ Մինասեանը առաջին յաղթանակը նշեց Պահրէյնի հաւաքականի կազմին մէջ: Պահրէյնի մէջ աւարտած ծանրամարտի Ասիոյ առաջնութեան՝ հայ ծանրորդը +109 քկ քաշայիններու պայքարին երկամարտի 452 քկ արդիւնքով նուաճեց ախոյեանի կոչումը՝ սահմանելով Ասիոյ երկու ցուցանիշ։

Պոկում վարժութեան մէջ գիւմրեցի ծանրորդը բարձրացուց 210 քկ, որ Ասիոյ ցուցանիշ է, հրում վարժութեան մէջ՝ 242 քկ: Երկամարտի 452 քկ-ով Մինասեանը դարձաւ ոսկէ մետալակիր, սահմանելով նաեւ երկամարտի Ասիոյ ցուցանիշ:

Յիշեցնենք, որ Յուլիսին յայտնի դարձաւ, որ գիւմրեցի գերծանր քաշային ծանրորդ Գոռ Մինասեանը հանդէս կու գայ Պահրէյնի դրօշին տակ։